22
Nov
11.800 Աշակերտներէն Հայը Գրաւեց 10-րդ Տեղը
Երկուշաբթի, 20 Նոյեմբեր 2017ին, Քուէյթի կրթութեան Նախարարութեան հովանաւորութեամբ , Գանատայի դեսպանատան ու «KUWAIT TIMES» օրաթերթի կազմակերպութեամբ «Four Seasons» պանդոկէն ներս, տեղի ունեցաւ «Գանատա» խորագրեալ նկարչական մրցոյթի մրցանակաբաշխութիւնը։ Մրցոյթին մասնակցած էին 210 դպրոցներէ 11.800 աշակերտ, որոնցմէ 50 աշակերտ արժանացան մրցանակի։ Քուէյթի Ազգային Վարժարանի երրորդ դասարանի աշակերտ Յովհաննէս Պօղոսեան գրաւելով 10-րդ դիրքը արժանացաւ նիւթական պարգեւի։
Տեղին է նշել, որ Ազգային Վարժարանը այս տարի մրցանակին մասնակցած էր 43 նկարչական գործերով, որոնք պատրաստուած էին Տիկին Հուրի Նալպանտեանի գլխաւորութեամբ եւ անոնց մեծամանութիւնը ցուցադրուեցաւ պարգեւատրման երեկոյի ընթացքին։