23
Nov

The Week Ամսագիրը Շաբաթուան «Երազանքի Ուղեւորութիւն» Ճանչցած է Հայաստանը

Բրիտանական The Week ամսագիրը, որ  ամէն շաբաթ իր ընթերցողներուն կը ներկայացնէ մէկ ուղղութիւն, այս անգամ «երազանքի ուղեւորութիւն» ճանչցած է Հայաստանը:

«Երբ դուն  Հայաստանի մէջ կը հանդիպիս հիւրընկալութեան, հազիւ թէ կարենաս զայն մոռնալ»,-ըսած է BBC-ի զբօսաշրջային լրագրող Պեն Լըրուըլ:

Լեռնային երկիրը յայտնի է օտարներուն իր առատաձեռնութեամբ ու մեծահոգութեամբ դեռ «Մետաքսի ճանապարհ»էն, երբ անհամար վաճառականներ, զինուորներ ու գաղթականներ կ՛անցնէին անոր գեղեցիկ բնակավայրերով:

Դեբեդի կիրճին մէջ ԵՈՒՆՍՔՕ-ի ժառանգութիւն ճանչցուած վանքերը թափառելէ ետք Լըրուըլ յայտնուած է Դիլիջան` «գեղատեսիլ, անտառային հանգստավայրի մը մէջ, որ տեղացիներուն յայտնի է որպէս Փոքրիկ Զուիցերիա»: Լըրուըլ որոշած է կեցութեան վայր գտնել ու մնալ Դիլիջան:

«Օգտուելով հինցած ուղեցոյցէ մը` ես քաղաքի ծայրամասին մէջ գտայ հիւրանոց մը, սակայն ոչ ոք պատասխանեց իմ թակոցին ու ես փորձեցի ձայն տալ. «Բարեւ ձեզ», ըսի հայերէնով: Միջին տարիքի կին մը բացաւ դարպասները` հետաքրքրական հայեացքով ինծի նայելով: Երբ ես ցոյց տուի ուղեցոյցը, ան ժպտաց ու ինծի առաջնորդեց ներս: Տունը լի էր աղմուկով ու ծիծաղով: Իմ հիւրընկալը ինծի ցոյց տուաւ սենեակս, ապա ճաշասենեակը` հասկցնելով, որ ժամը 19-ին ըլլամ այնտեղ: Ես պարտաճանաչօրէն ներկայացայ ժամը 7-ին ու յայտնուեցայ ընտանիքի աւագ դստեր 18-ամեակի տօնակատարութեան: Այնտեղ 12-ն էինք եւ միայն ես անծանօթ էի»,-գրած է Լըրուըլ` աւելցնելով, որ երեկոն լի էր օղիի, խորովածի, պանիրի, սմբուկի, ձիթապտուղի, լաւաշի մեծ քանակութեամբ:

Լըրուըլ նշած է, որ տան տէրերը ոչ մէկ պահ իր բաժակը առանց օղիի չէին ձգեր, կենացներ կ՛ըսէին բոլորին ու ամէն ինչի համար, որոնց հետեւած են երգերն ու ծննդեան կարկանդակը:

Վերջաւորութեան Լըրուըլ կը գրէ. «ես միայն սա կ’ըսեմ. Երբ դուք Հայաստանի մէջ հիւրընկալութեան հանդիպէք, դուք չէք կրնար զայն մոռնալ»:

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...