01
Dec

Հայոց Հացին եւ Լաւաշին Նուիրուած Ձեռնարկ Ախալքալաքի Մէջ

Ախալքալաքի շրջանային վարչութեան Ապագայի տան մէջ, Նոյեմբեր 29-ին, կազմակերպուած էր Հայոց Հացին եւ Լաւաշին նուիրուած ձեռնարկ:

Ձեռնարկին ընթացքին կատարուեցան Հայոց լաւաշին նուիրուած գեղեցիկ բանաստեղծական ստեղծագործութիւններ ու երգեր:

Ախալքալաքի եւ մօտակայ գիւղերու հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տէր Տաթեւը, օրհնութեան իր խօսքին մէջ գոհունակութիւն յայտնեց Ապագայի տան ողջ անձնակազմին ու տաղանդաշատ սաներուն` գեղեցիկ ու իւրայատուկ ձեռնարկին համար: Արժանապատիւ Տէր Հայրը նաեւ յիշեցուց, որ Հացի սրբութիւնը աւելի շատ կ՝երեւի եկեղեցական Սրբազան ծիսակարգերուն մէջ` Սուրբ Հաղորդութեան պարագայով։ Տէր Հայրը յորդորեց բոլորը՝ մշտապէս ներկայ ըլլալու Սուրբ Պատարագի խորհուրդին:

Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Ծալկայի ընդհանուր առաջնորդական փոխանորդութեան մամլոյ դիւան

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...