07
Dec

Թեսաղոնիկէի «Մալաքեան-Գասպարեան Ծաղկոց» Շաբաթօրեայ Վարժարանի Աշնանային Հանդէս

Շաբաթ՝ 2 Դեկտեմբեր 2017ի կէսօրուան ժամը 1։00ին, Թեսաղոնիկէի (Յունաստան) Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կից գտնուող «Տէր-Զաքարեան» սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ Թեսաղոնիկէի «Մալաքեան-Գասպարեան Ծաղկոց» շաբաթօրեայ վարժարանի աշնանային հանդէսը։
Հանդէսին ներկայացուեցաւ «Ոսկիէ աշունը» խորագիրով ծրագիրը, ուր վարժարանի Երկրորդ եւ վեցերորդ դասարաններու աշակերտ-աշակերտուհիներուն կողմէ կատարուեցան արտասանութիւններ, երգեր, հայկական աւանդական պարեր ու, բնականաբար, սրտի խօսքեր։
Սրահը կենդանի կերպով զարդարուած էր աշնանային գեղեցիկ գոյներով, ինչպէս նաեւ՝ արեւմտահայ գրականութենէն դէմքերու պատկերներով, որոնք ներկաներուն մօտ յուզմունք առաջացուցին, մանաւանդ երբ մատղաշ սերունդին կողմէ լսուեցան մայրենի քընքոյշ լեզուով ու անոնց անմեղ շուրթներէն բխած ոտանաւորները։ Հանդէսը աւելի ճոխացաւ, երբ վարժարանի ամենափոքր աշակերտներուն կողմէ տեղի ունեցաւ հայկական պարի ներկայացում, որուն ընթացքին ներկաները ծափողջոյններով քաջալերեցին փոքրերը։

աղբիւր՝ Ազատ օր

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...