Արարատի Գագաթին Տուտուկը Առաջին Անգամ Հնչեցուցած Երաժիշտը. Գագիկ Գասպարեան
Արժանթինաբնակ տուտուկահար Գագիկ Գասպարեանը, ուրուն տուտուկի կատարումները առաջին անգամ հնչած են ինչպէս արժանթինեան ֆիլմերու մէջ, այնպէս ալ` Մասիսի գագաթին։ Ան միշտ օտարներուն կը ներկայացնէ հայկական երաժշտութիւնը:
Ան 2015-ին առաջին երաժիշտն էր, որ Արարատի գագաթը հասաւ եւ ամենաբարձր կէտի վրայ հնչեցուց տուտուկի երաժշտութիւնը: Այդ մասին երաժիշտը կը պատմէ ըսելով.- «Անիկա իմ վաղեմի երազանս էր, ինչը, թէեւ դժուարութիւններով, բայց իրականացուցի: Իսկապէս, շատ դժուար էր բարձրանալը, բայց իւրաքանչիւր հայ, եթէ առողջութիւնը կը ներէ, իսկ եղանակային պայմանները բարենպաստ են, ուրեմն` կը հասնի մինչեւ գագաթ: Մեզի օգնեց եղանակը եւ Արարատ լերան ուժը, որ մեզ բարձրացուց մինչեւ գագաթ: Իսկ երբ արդէն Արարատ լերան գագաթին էինք, ու կը նուագէի տուտուկ, անբացատրելի էին զգացողութիւններս, որոնք չեմ կրնար բառերով նկարագրել: 23 տարի ապրելով Հայաստանի մէջ` Էջմիածին, ու թէեւ Արարատը աչքիս առջեւ էր, բայց նաեւ հեռու էր, ու կը կարծէի, որ անկարելի է նուաճելը: Փաստօրէն` Արարատ լերան գագաթին հասնելու համար պէտք է Արժանթինէն ճանապարհ կտրէի` հասնելու Վան, Բայազետ:
