16
Dec
Հալէպի Մխիթարեան Վարժարանի Աշակերտներու Տօնական Մթնոլորտը. Լուսանկարներ
Հալէպի Մխիթարեան Վարժարանի աշակերտները բարձր տրամադրութեամբ զարդարեցին իրենց դպրոցի տօնածառը եւ ուրախ ու խաղաղ մթնոլորտի մէջ նշեցին ամանորի գալուստը։
Անոնց բարձր տրամադրութեան մասնակից էին նաեւ վարժարանի եւ Վանատան Տեսուչ` Հ. Համազասպ Վրդ. Քէշիշեանը, Հ. Արիստակէս Վրդ. Մանուկեանն ու ուսուցչուհիները։
Թող խաղաղութիւնը ընդմիշտ թեւածէ Սուրիոյ երկնակամարին։