22
Dec

«Զարմանազան 2018» Ճամբարի Արձանագրութիւնները Սկսած Են

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը կը տեղեկացնէ, թէ «Զարմանազան» արեւմտահայերէնով ամառնային նորարար ծրագիրը 2018-ին տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի Ալպեան լեռներու շրջանը, Յուլիս 15-էն մինչեւ Օգոստոս 9։ Բաղկացած պիտի ըլլայ միեւնոյն ժամանակ երեք նախաձեռնութիւններէ.-
-10-էն 15 տարեկան պատանիներու համար նախատեսուած ճամբար մը,
-Խտացեալ համալսարանական ծրագիր մը, ուղղուած Սփիւռքի արեւմտահայերէնի
ուսուցիչներուն, ու վաւերացուած Փարիզի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային հիմնակին (Ինալքոյին) կողմէ,
– 16-էն 24 տարեկան երիտասարդներու համար նախատեսուած ստեղծագործական
յայտագիր մը, որ պիտի սկսի Յուլիս 12-ին եւ պիտի տեւէ մինչեւ Օգոստոս 9։ Պատանիները եւ երիտասարդները իրենց տարիքին համաձայն զանազան աշխատանոցներու պիտի մասնակցին, ինչպէս՝ երաժշտական, թատերական եւ պարային աշխատանոցներ, գեղարուեստի, ազատ գրութեան եւ գրական ընթերցումներունուիրուած նիստեր, բանավէճեր եւ բազմազան խաղեր ու մարզանքներ։

Բոլոր նիստերուն ու աշխատանոցներուն ընթացքին՝ յարաբերութեան եւ հաղորդակցութեան լեզուն պիտի ըլլայ արեւմտահայերէնը, մասնագէտ ու տաղանդաւոր ուղեկիցներու ղեկավարութեամբ։

«Զարմանազան»ը բաց է Սփիւռքի պատանիներուն եւ երիտասարդներուն։ Տրամադրելի տեղերու թիւը սահմանափակ է. 10-էն 15 տարեկան մասնակիցներու պարագային՝ 40, 16-էն 24 տարեկան մասնակիցներուն համար՝ 30 հոգի:

Նկատի պէտք է ունենալ նաեւ հետեւեալ պարագան. երիտասարդներու խումբին մասնակիցները անհրաժեշտ է, որ գիտնան առնուազն միջին մակարդակով հայերէն մը։

Իսկ համալսարանական խտացեալ ծրագիրը, զոր պիտի վարեն մասնագէտ դասատուներ, 15 ուսուցիչ միայն կ՚ընդունի։

Ծրագիրը կ՚առաջարկէ մանկավարժական այժմէական մօտեցումներու եւ առարկաներու վրայ հիմնուածդասախօսութիւններ եւ խմբային աշխատանքներ։

Արձանագրութեան եւ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելեցէ՛ք http://www.zarmanazan.com կայքէջը։

Արձանագրութիւնները պէտք է կատարուած ըլլան մինչեւ 22 Յունուար 2018, Կրինուիչի ժամով ժամը 23։00-ը։

Բոլոր արձանագրուողներուն հետ կապ պիտի հաստատենք մինչեւ 30 Յունուար 2018-ը։

Անցեալ տարուան ճամբարին մասին գաղափար կազմելու համար դիտեցէ՛ք 2017 Zarmanazan video տեսերիզը, հետեւեալ հասցէին վրայ. www.gulbenkian.pt/armenian-communities

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը 2017-ին ձեռնարկեց «Զարմանազան» մանկավարժական յայտագիրին, որպէս արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման ծրագիրի մէկ բաժինը։

 
Ան կազմակերպուած է Լիոնի Mille et un mondes ընկերակցութեան եւ Փարիզի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու Ազգային Հիմնարկին համագործակցութեամբ։ 

«Զարմանազան» ճամբարը վաւերացուած է Ֆրանսայի Երիտասարդութեան եւ մարզանքներու նախարարութեան կողմէ։

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...