25
Dec

Շուշան Պետրոսեանի Մաղթանքը Հայկաշխարհցիներուն

Իմ անուշի’կ հայ մանչուկներ, իմ սիրելինե’ր, Հայաստանի մէջ եւ անոր սահմանէն դուրս ապրող աշխարհասփիւռ հայ ձագուկներ, կը շնորհաւորեմ բոլորիդ Նոր Տարին ու Ս. Ծնունդը։ Առաջին  ցանկութիւնս է, որ առողջ ըլլաք, երկրորդը՝ որ խելացի ըլլաք, լաւ սորվիք ու իւրաքանչիւր ասպարէզի մէջ փայլիք՝ ձեր հայուն յարիր սրամտութեամբ ու խելքով։

Ես կ’ուզեմ, որ դուք ամէն տեղ հպարտութեամբ ըսէք, որ ՀԱՅ էք։

Կ’ուզեմ, որ իւրաքանչիւրս, ձեր ծնողներու հետ միասին հպարտանանք ձեզմով, ձեր ձեռքբերումներով։
Կ’ուզեմ,որ հայոց պատմութիւնը լաւ գիտնաք, անիկա մեր պապերէն եկած աւանդոյթն է։ Այդպէս մենք պահած ենք մեր հողը՝ հրաշալի հասկնալով մեր սահմաններէն այն կողմ եկող գացող քոչուորներու «երազանքները»՝ մեր դրախտի կտոր, հրաշք երկրի հետ կապուած։

Շատ փորձութիւններէ անցած ենք, փոքրացած ենք, սակայն մենք կանք, գոյութիւն ունինք ու նոյն տեղն ենք, Արարատը վկայ։

Կ’ուզեմ, որ իւրաքանչիւրդ՝ քնանալէ առաջ՝ աղօթէք մեր երկրի սահմանը պահող իւրաքանչիւր զինուորի համար։ Հայ զինուորն ու Երկրի սահմանը շատ թանկ են մեզի համար։

Թող յաջողութիւններու տարի ըլլայ բոլորիդ համար, թող խաղաղ տարի ըլլայ մե’ր երկրի եւ Երկրի համար։

Աստուծմով ?✌??

Բոլոր ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ցիներուն

Սիրով՝ Շուշան Պետրոսեան

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...