26
Dec
Երգչուհի Սիպիլի Մաղթանքը՝ ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ցիներուն
Աշխարհի չորս կողմը ապրող շատ ու շատ սիրելի մանուկներ եւ պատանիներ, սրտանց կը շնորհաւորեմ ձեր բոլորի Նոր Տարին եւ Սուրբ Ծնունդը, թող հրաշալի տարի մը ըլլայ բոլորիդ համար։
Կը մաղթեմ, որ ձեր դասերուն մէջ յաջողակ ըլլաք եւ ձեր ընկերներուն հանդէպ միշտ սիրալիր եւ հոգատար։ Եղէք աշխատասէր եւ միշտ աւելի մեծ կարեւորութիւն տուէք մարդկային արժէքներուն։ Երազեցէք… Երբե՛ք մի փախչիք երազելէն, ով գիտէ օր մը անիկա կրնայ իրականութիւն դառնալ։
Հայաստանէն դուրս ապրող իմ սիրելի’ ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ցիներ, երբե՛ք չմոռնաք ձեր մայրենին, պահպանեցէք մեր լեզուն ու մշակոյթը.
Շատ կ’ուզեմ, որ դուք եւ ձեր բոլոր հասակակիցները խաղաղ աշխարհի մէջ ապրիք եւ հեռու մնաք փորձանքներէ։
Պոլիսէն ձեզի կը ղրկեմ խոշոր խոշոր պաչիկներ.
Միշտ լաւ մնացէք
Սիրով, սրտանց …
Սիպիլ