28
Dec
Էջմիածնի Մէջ Ամանորի Գիշերը Գոհաբանական Մաղթանք եւ Նռնօրհնէքի Արարողութիւն Պիտի Կատարուի
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ՝ Դեկտեմբեր 31-ին, ժամը 24:00-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի եւ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, պիտի կատարուի Գոհաբանական մաղթանք եւ նռնօրհնէքի արարողութիւն:
«Նռնօրհնէքի համար նախատեսուած նուռը այս տարի Մայր Տաճարին ընծայած են ԼՂՀ իշխանութիւնները:
Սիրով կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդը՝ մասնակցելու Գոհաբանական մաղթանքին եւ նռնօրհնէքին»,- նշուած է Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն փոխանցուած յայտարարութեան մէջ: