30
Dec

ՀՀ Սփիւռքի Նախարարի Մաղթանքը ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ցիներուն

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ՄԱՂԹԱՆՔՆԵՐ ԿԱՂԱՆԴԻ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՌԹԻՒ

Իմ սիրելի՛, անուշի՛կ փոքրիկներ` Հայաստանի-Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ, եկէ՛ք բոլորս միասին 31-ի գիշերը ժամը 12-ին մաղթենք, որ այսօրուան Հայաստանի եւ Արցախի խաղաղութեան, ամբողջական հայրենիքի ազատութիւն ըլլայ:

Սիրելի՛  աշխարհասփիւռ փոքրիկներ, Նոր Տարուան գիշերը ըլլալով հրաշքներու գիշեր` եկէ՛ք այդ օրը երազանք պահենք, որ օր մը այս հրաշալի տօնը անցնէք Հայաստանի մէջ, վայելէք հայրենիքի բոյրը՝ իր իսկ երկնքի ներքոյ:

Սփիւռքի հրա՛շք փոքրիկներ, ձեր ապրած երկիրներուն մէջ` դուք յատուկ էք ձեր լուսաւոր ու մաքուր սրտով, կարդացէ՛ք մեր նախնիներուն մասին, եւ կը հասկնաք, թէ ինչպիսի ստեղծագործ ժողովուրդի զաւակներ էք, հպարտ եղէք՝ մեր անցեալն ու ներկան կերտողները առիթ կու տան մեզի հպարտանալու եւ երբեք չզիջելու օտարին:

Շա՛տ կարդացէք, եղէ՛ք բանիմաց եւ մրցունակ՝ բացայայտելով այս մեծ աշխարհի անսահման գաղտնիքները:

Սիրելինե՛րս, սորվեցէք հայերէն, ձեր նուրբ մատիկներով գրեցէք հայերէն, քաղցր ու սիրոյ խօսքեր ըսէք մայրիկներուն միայն հայերէն, ձեր աչուկներուն փայլքը պահեցէք ու փոխանցեցէք ձեր հայ ընկերներուն, իսկ ձեր սրտի աղօթքը բարձրացուցէք հայկական եկեղեցիներու կամարներէն..

«Հայկաշխարհի» ընթերցողներ, բարեկամներ, հովանաւորներ եւ աջակիցներ, իմ աննման երեխաներ, կը շնորհաւորեմ ձեզ՝ Նոր Տարուան ու Սուրբ Ծննդեան  տօներու պայծառ եւ ուրախալի առիթներով, 2018 թուականին ունենաք  ջինջ երկինք, երջանիկ մանկութիւն եւ անհոգ օրեր:

Հարազա՛տ փոքրիկներ եւ պատանիներ, Էջմիածինի շունչով, Արարատեան բոյրով կը շնորհաւորեմ ձեր բոլորի Նոր Տարին  եւ Քրիստոսի ծննդեան աւետիսը,

թո՛ղ ան բոլոր հայ ընտանքիներուն՝ Հայաստանի, Արցախի  եւ Սփիւռքի

մէջ բերէ քաջառողջութիւն, համերաշխութիւն սէր եւ խաղաղութիւն:

 

ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

 

 

 

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...