15
Jan

Տաճարի Գետնի Տակ Գանձ Յայտնաբերուած է

Լեհաստանի Բիդգոշչ քաղաքի Սուրբ Մարտինի եւ Նիկողայոսի տաճարի մէջ յայտնաբերուած է 500 ոսկեդրամ ու 200 տարբեր տեսակի ոսկեայ իրեր:

Գանձը յայտնաբերուած է տաճարի գետնի տակ՝ 10 սմ խորութեան վրայ:

Գտածոներու ընդհանուր արժէքը կրնայ կազմել աւելի քան մէկ միլիոն տոլար: Անոնք պահուած են 1652 թուականէն ետք, երբ տարածք ներխուժած են շուէտականական զօրքերը:

Հնագէտ Ռոպերթ Գրոշովսկին նշած է, որ թէեւ հարիւրամեակներու ընթացքին փայտեայ սնտուկը փտած է, այնուամենայնիւ, անոր պարունակութիւնը՝ ոսկեդրամները, մատանիները, զարդերը, խաչերն ու վզնոցները, լաւ պահպանուած են:

Ոսկեդրամները հատուած են 16-17-րդ դարերուն ժամանակակից Լեհաստանի, Հոլանտայի եւ Գերմանիայի տարածքի մէջ: Մետաղադրամները մաքրուելէն ետք պիտի ցուցադրուին Բիդգոշչիի «Փողերու եւրոպական կեդրոն» թանգարանի մէջ:

Աղբիւրը՝ Mamul.am

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...