31
Dec

Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Սուրբ Ծնունդ

 

Սիրելի’ ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ցիներ

Այս տարի առաջին անգամն է, որ ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ը կը նշէ Նոր Տարի, որովհետեւ ես դեռ ընդամէնը 3 ամսական եմ, բայց արդէն ունիմ մ՜եծ ընտանիք, որուն մաս կը կազմեն տասնեակ երկիրներու մէջ ապրող երեխաներ, ուսուցիչներ եւ նոյնիսկ ծնողներ։ Շատ ուրախ եմ, որ կը հետեւիք իմ կեանքիս բոլոր իրադարձութիւններուն, կը խոստանամ միշտ օգտակար տեղեկութիւններով հարստացնել ձեր առօրեան։

Մենք միասին դեռ շատ երկար ճանապարհ պիտի անցնինք, դուք ալ պէտք է ինծի օգնէք, որ ձեր այս սիրելի աշխարհը մեծցնենք ու աւելի հետաքրքրական դարձնենք։

Կը շնորհաւորեմ բոլորիդ Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը, թող խաղաղութիւն տիրէ ո՛ղջ աշխարհին, ժպիտը անպակաս մնայ ձեր բոլորի դէմքէն, մի՛շտ շրջապատուած ըլլաք սիրով ու հոգատարութեամբ, ըլլաք աշխատասէր եւ իրարու նկատմամբ սիրալիր ու ներողամիտ։ Ուր ալ ըլլաք մի’ մոռնաք, որ ձեր մայրենին ՀԱՅԵՐԷՆն է եւ ձեր ՀԱՅՐԵՆԻՔը ՀԱՅԱՍՏԱՆը, իսկ աշխարհի ամենազօրաւոր զինուորը հայ զինուորն է, որուն համար միշտ պէտք է աղօթէք, որ անփորձանք ու յաղթած տուն դառնայ։

Կը հանդիպինք 2018-ի Յունուար 8-ին

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...