10
Jan

Ստեփանակերտի Մէջ Տեղի Ունեցած է «Մոխրիկը» Մանկական Ներկայացման Առաջնախաղը (լուսանկարներ)

Ստեփանակերտի Շառլ Ազնաւուրի անուան մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է Մեսրոպ Մաշտոց համալսարանի «Արթ սթուտիա»-ի «Պրատեաչաեա սապաքա» թատերախումբի «Մոխրիկը» մանկական ներկայացման առաջնախաղը:

Խումբի ղեկավար Ժաննա Գրիգորովան, խօսելով ներկայացման ընտրութեան մասին, նշած է, որ «Մոխրիկը» աւելի ծանօթ է երեխաներուն, ատոր համար ալ ընտրած են այդ հեքիաթը:

«Հեքիաթը ներկայացուցած ենք այլ տարբերակով, քանի որ այնտեղ կը պատմուի սիրոյ մասին, իսկ մանուկներուն առայժմ անհասկնալի է այդ զգացումը: Մենք ատոր համար ալ սենարին մէջ փոփոխութիւն մտցուցած ենք, որպէսզի փոքրիկներուն աւելի հասու ըլլայ»,- ըսած է Ժ. Գրիգորովան:

Խօսելով թատերախումբին մասին` ան նշած է. «Թատերախումբը ստեղծուած է 2013 թուականի Փետրուարին, եւ ունի տասը մասնակից։ Իսկ 2017 թուականի Սեպտեմբերէն ստեղծուած է թատրոնի մանկական խումբը. այստեղ ընդգրկուած է 15 անդամ»:

Ներկայացումէն ետք՝ ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Սերգէյ Շահուերդեան ըսած է, որ նախարարութիւնը կ՝ընէ ամէն ինչ` Արցախի մէջ խթանելու եւ զարգացնելու համար թատերական արուեստը:

«Փոքրիկները պէտք է մանկութենէն հաղորդակցուին բարձրարժէք արուեստի ձեւերուն, որպեզի անոնց մէջ սէր առաջանայ դէպի մշակոյթը»,- նշած է Ս. Շահուերդեան:

 

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...