16
Jan
Գրիգոր-Սեւակ Մխիթարեան Դարձած է Պրազիլոյ Ճատրակի Ախոյեան
Պրազիլահայ կրատնմայստըր Գրիգոր-Սեւակ Մխիթարեան դարձած է Պրազիլիոյ ճատրակի ախոյեան:
Մխիթարեան Պրազիլիոյ ախոյեանութեան 3 ամենաբարձր վարկանիշ ունեցող շախմատիստներէն է: 7 հնարաւորէն հաւաքելով 6 միաւոր` հայ մարզիկը դարձած է յաղթող` արժանանալով 1300 ԱՄՆ տոլար պարգեւի:
Պրազիլիոյ ճատրակի ախոյեանութիւնը բաց մրցաշարք է, եւ անոր կը մասնակցէին Փարակուայէն եւ Ճափոնէն շախմատիստներ: