19
Jan

Հայ Պարմանուհի Պեթթին Հաստատ Քայլերով կը Հասնի Բարձունքներու (Լուսանկարներ)

«Մանկական Եւրոտեսիլ 2014» երգի միջազգային մրցոյթի մրցանակակիր, մետիադէք Պեթթին (Էլիզապէթ Դանիէլեան) Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կը ծաւալէ աշխոյժ գործունէութիւն։ Վերջերս հայ պարմանուհին տեղափոխուած է Միացեալ Նահանգներ, իր գործունէութիւնը ծաւալելու նպատակով, սակայն ան երբէք Հայաստանէն չէ հեռացած, այդ մասին կը վկայեն անոր գրառումները Հայաստանի մասին։
Պեթիի մասին առաւել մանրամասն կ’անդրադառնանք յառաջիկայ օրերուն, որովհետեւ ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ը վստահ է, որ այս փոքր տարիքին անոր անցած փորձը ուսանելի է շատ շատերու համար եւ ան իր նպատակասլացութեամբ պիտի հասնի հայութեան համար հպարտութեան առիթ հանդիսացող բարձունքներու։
Այժմ նշենք միայն, որ Պեթթին կը համագործակցի Հոլիուտի մէջ մեծ ճանաչում վայելող լուսանկարիչներու հետ: Ան աշխատած է CBS-ի կողմէն Հոլիուտի լաւագոյն լուսանկարիչներէն մէկը համարուող Մայքլ Ռոուտի հետ: Լուսանկարիչը կը համագործակցի ոչ միայն հանրայայտ աստղերու հետ, այլեւ իր լուսանկարներով կ’օգնէ սկսնակներուն Հոլիուտի մէջ փառքի հասնիլ:
 Zohrab Gevorgyan Photography

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...