Զիս Շատ Լաւ Ընդունած են Ես Որեւէ Խնդիր Չեմ Ունեցած Հայաստանի Մէջ. Հայրենադարձ Մատթէոս Մարգարեան
15-ամեայ Մատթէոս Մարգարեան իր ծննդավայրի՝ Իրաքի մասին որեւէ բան չի յիշեր, քանի որ երկու տարեկանին ընտանիքի հետ տեղափոխուած է Սուրիա, յետոյ եկած հայրենիք:
Աշխարհի տարբեր երկրներու մէջ ունի բարեկամններ եւ հակառակ անոր չի ցանկար լքել Հայաստանը:
Մատթէոսը ընտանիքի կրտսերն է, իրմէ մեծ երկու քոյր ունի: Շրջապատի կողմէն երբեք վատ վերաբերում չէ զգացած. «Զիս շատ լաւ ընդունած են եո ես որեւէ խնդիր չեմ ունեցած». ըսաւ ան: Մատթէոս կը յաճախէ Հայրապետ Հայրապետեանի անուան 78 հիմնական դպրոց եւ կը հեիտեւի պասքէթպոլի եւ մի քանի ամիսէն արդէն պիտի մասնակցի Հայաստանի ազգային մանկապատենական հաւաքականի խաղերուն. «Շատ կը սիրեմ մարզանքով զբաղիլ, պասքէթպոլէն առաջ նաեւ լողի եւ ֆոթպոլի գացած եմ»:
Դպրոցի մէջ ամենասիրելի առարկան քիմիան է, մասնագիտութfան հարցով ալ կողմնորոշուած է՝ Մատթէոսը կ’ուզէ բժիշկ դառնալ. « Եթէ կարենամ, ապա անպայման բժշկութեան հետ պասքէթպոլնն ալ կը կհամատեղեմ»:
Մատթէոսը ունի նաեւ այլ նախասիրութիւններ։ Շատ կը սիրէ կենդանիները. «փոքր հասակէս տան մէջ կենդանի պահած եմ՝ շուն, կրիայ, ձուկ եւ այլն»:
2016 թուականին Մատթէոս մասնակցած է Սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագրին եւ շրջած Հայաստանի պատմական վայրերով՝ աւելի լաւ ճանչնալով հայրենիքը:
Նիւթը ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ին պատրաստեց
Արփի Պետրոսեան