07
Feb

Սկիզբը Դժուարութիւններ Ունեցածեմ, Բայց Հիմա Ամէն Ինչ Շատ Լաւ է. Հայրենադարձ Պարմանուհի

15-ամեայ Ալիք Աւագեանը նոյնպէս Հայաստան տեղափոխուած է Իրաքէն, ան մեր զրոյցի ընթացքին պատմեց Հայաստանի մէջ ունեցած դժուարութիւններու, իր նախասիրութիւններու եւ ծրագրերու մասին:

Հ-Ալիք քանի տարեկանին տեղափոխուած ես Հայաստան և ի՞նչ կը յիշես ծննդավայրիդ մասին:

Պ-Հայաստան տեղափոխուած ենք 2006 թուականին, երբ ես 3 տարեկան էի: Իրաքէն բան չեմ յիշեր, բայց ծնողներս յաճախ կը պատմեն, որ պատերազմի տարիներուն շատ վտանգաւոր էր:

Հ-Ո՞րեւէ դժուարութիւններ ունեցած ես դպրոցէն ներս:

Պ-Սկիզբը ինծի համար դժուար էի հայոց լեզուի դասերը, քանի որ տունը արեւմտահայերէն կը խօսինք, իսկ դպրոցը արեւելահայերէն, բայց արդէն ամէն ինչ շատ լաւ է, ռուսերէնը նոյնպէս քիչ մը բարդ է, բայց ընկերներուս օգնութեամբ կը փորձեմ հասցնել:

Հ-Ո՞ր դպրոցը կը յաճաշես եւ ո՞ր առարկան կը նախընտրես:

Պ-Կը յաճախեմ Հայրապետ Հայրապետեանի անուան դպրոց, 9-րդ դասարան եմ, բոլոր առականներն ալ կը սիրեմ, բայց ամէնէն շատ անգլերէնը կը նախընտրեմ:

Հ- Դպրոցէն բացի այլ տեղ կը յաճախե՞ս:

Պ-Այո անցեալ տարի աւարտեցի Ալեքսանդր Աճէմեանի անուան երաժշտական դպրոցի դաշնամուրի բաժինը, նաեւ երգչախումբի անդամ եղած եմ ու շատ համերգներու մասնակցած եմ, հիմա դասերուս ծանրաբեռնուածութեան պատճառով այլ տեղ չեմ յաճախեր:

Հ-Կողմնորոշուա՞ծ ես մասնագէտութեան հարցով:

Պ-Կ’ուզեմ ձեւաւորող դառնալ: Շատ կը սիրեմ հագուստներ ձեւաւորել, ինծի եւ ընտանիքիս անդամներու համար տարբեր շապիկներ կը պատրաստեմ:

Հարցազրոյցը ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ի համար վարեց Արփի Պետրոսեան

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...