13
Feb

Հայաստանը Աշխարհի Ամենաապահով Երկիրն է. Հայրենադարձ Կարինէ Գէորգեան

14-ամեայ Կարինէ Ոսկանեանը ծնողներու եւ փոքր քրոջ հետ Հայաստան տեղափոխուած է Սուրիայէն՝ այնտեղ տիրող պատերազմական իրավիճակի պատճառով եւ Հայրենիքի մէջ կը կառուցէ իր ապագան:

Հ-Կարինէ ո՞ր թուականին տեղափոխուած ես Հայաստան:

Պ-Հայաստան եկած ենք Սուրիայէն 2014 թուականին, երբ տասը տարեկան էի, լաւ կը յիշեմ Սուրիան եւ վերջին տարիներու դէպքերը նոյնպէս, կը յիշեմ նաեւ դպրոցս եւ արաբերէն լեզուն:

Հ-Սկզբնական շրջանին ի՞նչ որ դժուարութիւններ ունեցած ես:

Պ-Այո’, սկիզբը դժուարութիւններ ունեցայ, քանի որ Սուրիայէն գացինք Լիբանան, որոշ ժամանակ այնտեղ ապրեցանք, յետոյ եկանք Հայաստան՝ դեռ մէկ տեղին չյարմարելով ուրիշ տեղ գացինք: Հայաստան դպրոցի մէջ սորվելու դժուարութիւններ ունեցայ, որովհետեւ ամէն ինչ ուրիշ էր, յետոյ սկսայ շատ աշխատիլ, որ հասնիմ դասընկերներուս, հիմա նոյնիսկ ռուսերէնը ինծի համար դժուարութիւն չի յառաջացներ:

Հ- Կարինէ ո՞ր դպրոցը կը յաճախես, եւ ո՞ր առարկանները կը սիրես:

Պ-Կը յաճախեմ Նար-Դոսի անուան դպրոցը, 9-րդ դասարան եմ: Բոլոր առարկաները կը սիրեմ, բայց անգելէնը աւելի շատ:

Հ-Դպրոցէն դուրս որեւէ տեղ կը յաճախե՞ս:

– ՀԱՍԿ-ի սկաուտներու շարքերուն մաս կը կազմեմ, Սուրիոյ մէջ նոյնպէս անդամ էի:

Հ-Մասնագիտութեան հարցով կողմնորոշուա՞ծ ես։

Պ- Ապագաս կը պատկերացնեմ պիզնէսի՝ գործարարութեան ոլորտէն ներս, կրթութիւնս ալ կ’ուզեմ այդ ուղղութեամբ շարունակել:

Հ-Հայաստանի մէջ ամենաշատը ի՞նչը կը սիրես:

Պ-Այստեղ հանգստութիւն կայ, բոլորը հայ են, եթէ յանկարծ ճամբան կորսնցնեմ, կրնամ ոեւէ մէկուն մօտենալ եւ հարցնել: Ես կը կարծեմ որ Հայաստանը աշխարհի ամենաապահով երկիրն է, եւ նոյն այս ապահովութեան ու հանգստութեան համար չեմ ուզեր այլ երկիր երթալ, կամ Սուրիա վերադառնալ:

 

Հարցազրոյցը ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ի համար վարեց՝

Արփի Պետրոսեան

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...