14
Feb

Հալէպի Մխիթարեան Վարժարանը Նշեց Տեառընդառաջը

Հալէպի Մխիթարեան Վարժարանը հիմնուած օրէն առ այսօր, անխախտ պահած է, Հայկական Տօնացոյցի աւանդական տօնակատարութիւնները։

13 Փետրուարին “Բուն Բարեկենդան” ի եւ ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋ ի զոյգ տօները մեծ խանդավառութեամբ նշուեցան վարժարանէս ներս, թէ ուսուցչական կազմի եւ թէ աշակերտութեան կողմէն։ Նախակրթարանի աշակերտներուն դիմայարդարումէն ետք (դաստիարակներուն կողմէ), բոլորը համախմբուեցան վարժարանին բակը։ Հայերէնաւանդ ուսուցչուհին նախ հակիրճ կերպով բացատրեց օրուան զոյգ տօներուն իմաստը, որմէ ետք 5-րդ կարգի աշակերները դերասանական վարպետութեամբ ներկայացուցին Յ. Թումանեանի “Բարեկենդանը”, մեծ հրճուանք ու ծիծաղ պատճառելով ներկաներուն սրտերուն մէջ։

Ուսուցչական կազմին կողմէ պատրաստուած “Ոսպ Ապուր”-ի հիւրասիրութենէն ետք, բոլորը համախմբուեցան բակին կեդրոնը զետեղուած խարոյկին շուրջ, եւ Հոգեւոր Հօր` Հ. Արիստակէս Մանուկեանի ձեռամբ այրեցին Ձմեռը յատկանշող ՁԻՒՆԱՄԱՐԴԸ , անհամբեր սպասելով Գարնան պայծառ օրերը։

Ալին Բանոյեան

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...