19
Feb
Տօնդ Շնորհաւոր ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ. Քալիֆորնիոյ «Արի Կիրակոս Մինասեան» Վարժարանի Աշակերտներ
ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ի ամենաեռանդուն ընթերցողները Քալիֆմրնիոյ «Արի Կիրակոս Մինասեան» վարժարանի աշակերտներն են, անոնք իրենց ուսուցչուհի Թալին Արդինեանի հետ կայքի հիմնադրութեան առաջին տարեդարձի առիթով շնորհաւորանքի խօսք յղած են ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ԻՆ եւ մեզի հետ կիսած իրենց տպաւորութիւնները։
Ողջո’յն ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ,
Այսօր հիմնադրութեանդ առաջին տարեդարձն է, տօնդ շնորհաւոր, դուն ծնունդ առիր հայկաշխարհ, որ մեր մանկական աշխարհը դարձնես աւելի գեղեցիկ , գունաւոր եւ գիտելքներով լի: Բարի Տարեդարձ։
Ահա թէ ինչո՞ւ աշակերտները շատ կը սիրեն ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ը, իւրաքանչիւրը ունի իր նախասիրութիւնը
-ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-էն շատ բաներ կը սորվիմ, սիրած երգս « Հայրենի Տուն» երգն է
-ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ այցելելով Հայաստան երկիրս աչուկներով կը տեսնեմ:
-ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ով Մասիս սարս կը տեսնեմ :
-Ես հայ եմ, եւ ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-էն հայերէն երգեր կը լսեմ, սիրածս երգն է՝ «Ուս ուսի, ձեռք ձեռքի, մենակ չեմ ես, դուն ինձ հետ, հայ ենք մենք»։
-Որովհեւեւ կայքը հայերէն է, ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ կարդալով կրնամ հայախօս մնալ:
-Որովհետեւ ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-էն բոլոր տեղեկութիւնները կ‘իմանամ հայերէն եւ ոչ թէ անգլերէն:
-ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ այցելելով աւելի խելացի կը դառնամ, աւելի լաւ հայերէն գրել, կարդալ եւ խօսիլ կը սորվիմ:
-ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-էն կը ծանօթանամ հայոց պատմութեան։:
-ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-էն ամէն օր նոր բան կը կարդամ:
-ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-էն Լաւաշի պատմութիւնը սիրեցի , գիտէք ես ալ քաջ եմ մեր թագաւորներուն պէս…
Բարի Տարեդարձ ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ
Մենք անհամբեր կը սպասենք նորութիւններուդ, միշտ կ’ուզենք նոր գիտելիքներ իմանալ:
Յաջողութիւն
Սիրով՝
Քալիֆորնիոյ «Արի Կիրակոս Մինասեան» Վարժարանի
Մանկապարտէզի, առաջին, 2-րդ եւ 3-րդ կարգերու աշակերտներ