28
Feb

«Հայաստանի ՄԷջ Աւելի Լաւ Ու Հանգիստ Կը Զգամ». Սէրլի Շահիջանեան

12-ամեայ Սէրլի Շահիջանեանը ծնած է Երեւան, բայց անոր ծնողներն ու աւագ քոյրը հայրենիք տեղափոխուած են Իրանէն: Սէրլին յաճախ այցելած է Իրան, բայց չէ յարմարած.« Հայաստանի մէջ  աւելի լաւ  ու հանգիստ կը զգամ»:

Ան  կը յաճախէ Երեւանի Եւրոպական եւրոպական դպրոց, 6-րդ դասարան է. «Առարկաներէն կը նախընտրեմ մայրենին, իսկ մաթեմատիկան այդքան ալ չեմ սիրեր» նշեց Սէրլին:

Հակառակ ամչկոտ ու քչախօս ըլլալուն  շատ ընկերներ ունի ե՛ւ, սփիւռքահայ ե՛ւ տեղացի:

Մասնագիտութեան հարցով դեռ չէ կողմնորոշուած, բայց աւելի շատ ձեւաւորողի աշխատանքը կը  սիրէ:

Սէրլին երազանք մը եւս ունի, կը ցանկայ կիթառ նուագել սորվիլ:

Կը սիրէ Երեւանը` իր ծննդավայրը. «Այստեղ  ծնած եմ, այստեղ կը մեծնամ ու ինծի համար շատ հարազատ է Երեւանը»:

«Չեմ զգացած, որ դպրոցին մէջ տարբերութիւն կը դնեն իմ աղջկաս եւ միւսներուն միջեւ, ճիշդ է իրենց դասարանը շատ սփիւռքահայեր կան, բայց ուսուցիչներուն կողմէ կողմնակալութիւն չեմ զգացած». աւելցուց Սէրլիի մայրիկը:

Նիւթը ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ի համար պատրաստեց

Արփի Պետրոսեան

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...