11
Mar

«Կը Ցանկայի Աւելի Լաւ Ճանչնալ Հայրենիքս, Մշակոյթս». Հայրենադարձ Անտրէ Մեսրոպեան

Հայրենադարձ Անտրէ Մեսրոպեանը 18 տարեկան է,  ծնած է   Հոլանտա, ապրած Նորվեկիա, Հայաստան եկած է 2017թ. հայրենիքի մէջ ուսումը շարունակելու նպատակով:

Հ-Անտրէ ե՞րբ  առաջին անգամ եկած ես Հայաստան:

Պ-Առաջին անգամ 4 կամ 5 տարեկանիս  եկած եմ, մէկ տարի ապրած եմ այստեղ , մանկապարտէզ գացած եմ, յետոյ մօրս հետ տեղափոոխուած ենք Նորվեկիա:

Հ-Մեկնելէ ետք առաջի՞ն անգամն է, որ կու գաս հայրենիք:

Պ-Ոչ, ամէն տարի ամառնային արձակուրդներուն կու գայի հօրս մօտ, բայց այս տարի եկայ ու մնացի:

Հ-Ինչպէ՞ս որոշեցիր այստեղ  շարունակելուսումդ:

Պ-Նախ կը ցանկայի աւելի շատ ժամանակ անցնել հօրս ու հարազատներուս հետ, բայց գլխաւոր պատճառներէն մէկն ալ այն էր, որ կը ցանկայի աւելի լաւ ճանչնալ հայրենիքս, մշակոյթս, երկիրն ու ժողովրդը:

Հ-Հեշտութեա՞մբ կրցար յարմարիլ երկրի պայմաններուն:

Պ-Սկիզբը շատ դժուար էր, ամէն ինչ  անծանօթ էր ինծի համար, լեզուն վատ գիտէի, բայց հիմա ամենադժուարը անցեալ դարձաւ:

Հ-Ո՞ր դպրոցը կը յաճախես եւ ո՞ր առարկաները կը նախընտրես:

Պ-Կը յաճախեմ Անանիա Շիրակացիի անուան ճեմարանը եւ 11-րդ դասարան եմ: Առարկաներէն կը սիրեմ համաշխարհային պատմութիւնը:

Հ-Ին՞չ նախասիրութիւններ ունիս:

Պ-Կը սիրեմ բռնցքամարտը, Նորվեկիոյ մէջ կը զբաղէի այդ մարզաձեւով, բայց այստեղ դասերու ու յաւելեալ դասընթացներու պատճառով չեմ կրնար հասցնել, հիմա շատ կ’ուզեմ հայերէնի այբուբենն ալ սորվիլ, յուսամ կը կարենամ յառաջիկային ժամանակ գտնել:

Հ-Հայաստանի մէջ ամէնէն շատ ի՞նչը  ուշադրութիւնդ գրաւած է:

Պ-Այստեղ յատուկ վերաբերում կայ տօներու նկատմամբ, բոլոր տօները մեծ շուքով  կը նշուին, քաղաքին մէջ կը զգացուի այդ շունչը, որ Նորվեկիոյ, Եւրոպայի մէջ չկայ, այնտեղ մարդիկ աւելի անտարբեր են:

ՀԱՅՒԱՇԽԱՐՀ- ի համար զրուցեց՝

Արփի Պետրոսեան

 

 

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...