Արցախցի Փոքրիկի Պատրաստած Ծովաշուշաններով Դիմանկարը Աշխարհահռչակ Գիտնկանին
14-ամեայ ստեղծագործող Անի Գէորգեան, որ կը յաճախէ Ստեփանակերտի Խաչատուր Աբովեանի անուան թիւ 1 հիմնական դպրոցի 9-րդ դասարանը, 2015 թուականի ամրան աշխարհահռչակ անգլիացի բնագէտ-տեսաբան Սթիւըն Հոքինկին նուիրած է Ասկերանի շրջանի Աստղաշէն համայնքի ծովաշուշաններով պատրաստուած անոր դիմանկարը:
Անի Գէորգեան պատմած է, որ Հոքինկի հանդէպ իր հետաքրքրութիւնը յառաջացած է այն ժամանակ, երբ իմացած է, որ սահմանափակ ֆիզիկական կարողութիւններով մարդը դարձած է աշխարհահռչակ գիտնական:
«Ատիկա զիս շատ ոգեւորած է եւ երբ 2015-ին տեղեկացայ, որ Արցախ կը գտնուի յայտնի աստղաֆիզիկոս Գարիկ Իսրայէլեանը, որ անձամբ կապ ունէր Հոքինկի հետ, խնդրեցի անորմէ իր ձեռքով պատրաստած դիմանկարը փոխանցել մեծ գիտնականին: Յետոյ տեղեկացայ, որ քանի մը ամիս անց դիմանկարը հասած է հասցէատիրոջը, որ շատ հաւնած է իմ աշխատանքը»,- նշած է Ա. Գէորգեան:
Յիշեցնենք, որ աշխարհահռչակ անգլիացի բնագէտ-տեսաբան Սթիվըն Հոքինկ մահացաւ 2018-ի Մարտ 14-ին, 77 տարեկանին: