20
Mar

Արեւմտահայերէնը Երեւանի Աւետիսեան Դպրոցի Բեմին

Արեւմտահայերէնը մեր ազգային հպարտութիւնն է, սփիւռքի լինելութեան հիմքը: Ահա թէ նաեւ ինչու Աւետիսեան դպրոցէն ներս ան միշտ եղած է ուշադրութեան կեդրոնին, իսկ սփիւռքահայ արուեստագէտ, արձակագիր, հիմա նաեւ մանկավարժ Յակոբ Միքայէլեանի՝ անոր ուսուցանումը ստանձնելէն ետք դպրոցի կամարներուն տակ աւելի ու աւելի յաճախ կը հնչեն արեւմտահայ խօսքն ու ասմունքը:

Լեփլեցուն դահլիճը քանիցս ծափերով դիմաւորած է արեւմտահայ անուանի գրողներ Յակոբ Պարոնեանի, Արփիար Արփիարեանի եւ այլոց ստեղծագործութիւններու բեմականացումները, որ իրենց արեւմտահայերէնի ուսուցչի ղեկավարութեամբ իրականացուցած են կրթօջախի աւագ դպրոցականները:

Օրերս դարձեալ արեւմտահայերէնն էր դպրոցի բեմին: Իր բովանդակալից ակնարկով արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ գրականութեան փունջ մը ներկայացուց պրն Յ. Միքայէլեանը: Բանախօսի ելոյթը կ’ուղեկցուէր բարձր դասարաններու աշակերտներու ասմունքով, ասոյթներով:

Ցերեկոյթի աւարտին դպրոցականները ներկայացուցին մի քանի հատուած Յ. Պարոնեանի «Մեծապատիւ մուրացկաններ»-էն:

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...