21
Mar

Այս Անգամ Յատուկ motorsiklet-ներու Սիրահարներուն (լուսանկարներ)

Մեր նախորդ նիւթերով անդրադարձած էինք մեքենաներու, իսկ այսօրուան հարցազրոյցը յատուկ motorsiklet-ներու (հրանիւներու) Սիրահարներուն համար է:

Ի ուրախութիւն մեզ, Հայաստանի մէջ այս ոլորտը սկսած է զարգանալ որպէս մարզաձեւ։

Հայաստանի մէջ կայացած հրանիւներու մրցոյթի մասնակից է նաեւ Ժոր Մելոյեան՝ Meloyan Media House-ի հիմնադիր տնօրէնը, որուն հետ զրուցեցինք յատուկ ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ի համար

Հ- Ինչպէ՞ս սկսաւ Ձեր սէրը հրանիւներու հանդէպ:

Պ- Հրանիւներու հանդէպ սէրս սկսած է դեռ վաղ տարիքէն: Ընդհանրապէս շատ տղաներ թէ’ հրանիւներու,  թէ’ մեքենաներու սիրահարներ են, եւ իմ պարագայիս ալ երկուքը միասին: Երբ արդէն մեծ տարիքիս ինքնուրոյն էի եւ հնարաւորութիւն ունէի հրանիւ գնել, այնտեղէնն ալ հասունացաւ մէջս այդ սէրը: Երբ սկսայ յաճախ հրանիւ վարել, այդ սէրը աւելի մեծցաւ եւ երթալով վերածուեցաւ նախասիրութեան: Հրանիւներէն բացի նաեւ ունիմ այլ նախասիրութիւններ եւս, որոնցմէ մէկը սուսերամարտն է:

Հ- Հայաստանի մէջ կա՞յ որեւէ խումբ, որ կը զբաղի հրանիւներ ցուցադրելու կամ մրցոյթներ կազմակերպելու ծրագրով:

Պ-Անկեղծօրէն այս հարցի պատասխանը չեմ գիտեր, կայ արդեօք մասնագիտացուած ծրագրերու կազմակերպում, բայց տեսած եմ տարբեր մեքենաներու ցուցադրութեան նախաձեռնութիւններու, ուր եղած են նաեւ հրանիւներ: Կան motoshow-ի տարբեր ձեւեր, որոնցմէ են գեղեցիկ հրանիւնեպու ցուցադրութիւն drift show եւ այլ: Ցաւօք Հայաստանի մէջ դեռ քիչ զարգացած է այս ոլորտը որպէս առանձին ճիւղ, սակայն վստահ եմ, որ շուտով կը զարգանայ:

Հ- Ին՞չ ապագայ ապագայ կը տեսնէք հրանիւներու ասպարէզէն ներս:

Պ- Կը կարծեմ օրը կու գայ, երբ հրանիւները կը շատնան, արդէն այդ մէկը նկատելի է, եւ եթէ համեմատենք  մի քանի տարիներ առաջուան հետ, Հայաստանի մէջ հրանիւները շատցած են,  շատցած են թէ’ վարողները, թէ’ այս մարզաձեւով զբաղուողներու թիւը:

 

Սիրելի’ ընթերցողներ,

Շատ վարողներ հիասթափութիւն կ’ապրին մէկ կամ երկու ցաւալի դէպքերու մասին լսելով.

Այո’, հրանիւ վարողը կրնայ իյնալ եւ որոշ հնարքներ չկարենայ իրականացնել, անկէ ետք շատեր այլեւս հրանիւ չեն վարեր, բայց ես խորհուրդ կու տամ չյանձնուիլ եւ շարունակել, ի վերջոյ այդ հնարքները անթերի կատարելու համար անհրաժեշտ է փորձել:

Նշենք նաեւ, որ հրանիւը կրնայ ծառայել թէ’ իբրեւ փոխադրամիջոց, թէ’ իբրեւ մարզաձեւ, բայց չմոռնանք, որ ան կը համարուի վտանգաւոր փոխադրամիջոց, եւ անհրաժեշտ է պահպանել անվտանգութեան կանոնները եւ օգտագործել անոր համար անհրաժեշտ բոլոր պարագաները։

ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ի համար զրուցեց եւ նիւթը պատրաստեց՝

ՀայԲերդ Թաթեւոսեան

 

 

 

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...