27
Mar
Աւետիսեան Դպրոցի Աւանդական Տօնահանդէսը՝ Սուրբ Զատիկի Նախօրէին
Երեւանի Աւետիսեան կրթահամալիրը Սուրբ Զատիկի նախօրէին կազմակերպեց աւանդական դարձած զատկական ցուցահանդէսը: Նախշուն հաւկիթներու, յուշանուէրներու, դպրոցականներու երեւակայության ամենաբազմազան թռիչքներու ու մտայղացումներու իսկական տօնահանդէս էր այն, որ մեծ հաճոյքով ըմբոշխնեցին թէ՛ ուսուցիչները, թէ՛ ծնողները եւ թէ՛ իրենք՝ այդ պայծառ ու բազմաբղետ ցուցանմուշներու հեղինակ աշակերտները:
Եօթերորդ դասարանի «խոհարար» Ստեփանը, օրինակ, այցելուներուն կը հիւրասիրէր իր եփած հսկայական կարկանդակէն, իսկ չորրորդ դասարանի շեփորահար Ռուբէնի կատարմամբ «Տէրն է մեր ապաւէնը զօրաւոր» երգին կը ձայնակցէր ամբողջ դասարանը՝ դասղեկի հետ միասին: