Արցախցի Պատանի Բռնցքամարտիկները ՀՀ Առաջնութենէն Մետալներով Վերադարձած են
Երեւանի «Դինամօ» մարզադահլիճին մէջ կայացած Հայաստանի կրտսեր տարիքի պատանիներու առաջնութեան՝ արցախցի 5 մասնակիցներէն 3-ը գրաւած են մրցանակային տեղեր, իսկ մէկը՝ գրաւած է առաջին տեղ: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakjhpress.am-ը։
Մարզիչ Նարեկ Աբրահամեան ըսած է, որ առաջնութեան ընդգրկուած էին շուրջ 280 մասնակիցներ Հայաստանի գրեթէ բոլոր շրջաններէն: Մարզիչին խօսքով՝ 40 քկ քաշային կարգի մէջ, առաջին տեղ գրաւած է Մարտունի շրջանի Քերթ համայնքէն 14-ամեայ Մանուէլ Պետրոսեանը՝ յաղթելով 5 մարտ: Ասկերանի շրջանի Իվանեան համայնքէն 14-ամեայ Աշոտ Բեգլարեանը 48 քկ քաշային կարգի մէջ յաղթած է 4 մարտ՝ գրաւելով 2-րդ մրցանակային տեղը, իսկ անոր եղբայրը՝ Գոռ Բեգլարեանը, 5 մենամարտերէն յաղթած է 3-ը՝ զբաղցնելով 3-րդ տեղը:
«Առաջին մրցանակային տեղ գրաւած Մանուէլ Պետրոսեանը ընդգրկուած է նաեւ Հայաստանի բռցքամարտի հաւաքականի կազմին մէջ եւ յառաջիկային պիտի մասնակցի երկու առաջնութեան՝ Ծաղկաձորի եւ Արարատի մէջ: Իսկ Սեպտեմբերին, Հայաստանի հաւաքականի կազմին մէջ պիտի մասնակցի Պուլկարիոյ մէջ կայանալիք Եւրոպայի առաջնութեան»,- նշած է Ն. Աբրահամեան: