16
Mar
Հայ Գիւտարարի Նոր Գիւտը. Թուղթի Հաստութեամբ Հեռաձայն
«Լոյս» հիմնադրամի կրթաթոշակառու Ամալիա Կոստանեանը Քեմպրիջի համալսարանի այլ շրջանաւարտներու հետ կը զբաղի թուղթի հաստութեամբ հեռաձայններ, պլանշետներ ստեղծելով, եւ անոնց սնուցման համար գրեթէ ուժանիւթ հարկաւոր չէ: Երիտասարդ գիտնականը կը յայտնէ, որ արտադրանքը բաւական աժան պիտի ըլլայ, քանի որ անոնց ստեղծման համար համարեայ նիւթ չ’օգտագործուիր, իսկ աշխատացնելու համար` չափազանց քիչ ուժանիւթ, կէս ժամ լիցքաւորելով հնարաւոր պիտի ըլլայ այդ սարքը երեք տարի օգտագործել:
Ամալիա Կոստանեան տեղեկացուցած է նաեւ, որ ներկայիս կը քննարկեն, թէ ինչպէ՞ս կարելի է նման գիտարուեստով աշխատող տարրալուծարան հիմնել Հայաստանի մէջ: