Ուրախ եմ, որ Հայաստանի Անունը Բարձր կը Պահեմ. 1 1-ամեայ Քանոնահար Մերի Մուսինեան
11-ամեայ քանոնահար Մերի Մուսինեանը արդէն հանդէս է եկած աշխարհի 10 երկրներու բեմերէն:
Փոքրիկ քանոնահարուհին յառաջիկային շատ երկրներու մէջ եւս կը ներկայանայ հայկական ազգային նուագարանով, ելոյթ կ’ունենայ նաեւ աշխարհահռչակ խմբավար եւ ջութակահար Վլատիմիր Սպիւակովի հետ:
«Մայրիկս քանոն շատ կը էր սիրէ, ընտրութիւնը այդպէս կայացած է: 6 տարեկանէն գացած եմ դասերու: Սկիզբը ես քանոն չունէի, կը նուագէի բարձի վրայ, մատներու աշխատանք կը կատարէի: Վեց ամիս յետոյ առաջին անգամ հանդէս եկայ Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տանը: Մայրիկս հարցուց՝ կ’ուզեմ շարունակել, ես պատասխանեցի՝ այո: Մինչեւ հիմա կը նուագեմ եւ անպայման կը շարունակեմ»,- Արմէնփրէսին ըսած է Մերի Մուսինեան:
Հակառակ իր բազմազբաղ ըլլալուն՝ Մերին կ’ըսէ՝ դպրոցի դասերու հետ հեշտութեամբ կը համատեղէ շրջագայութիւնները: Դպրոցի մէջ ալ գերազանց է: «Ուրախ եմ, որ Հայաստանի անունը բարձր կը պահեմ»,-կը նշէ Մերին։