Ամէնէն Շատ Կը Սիրեմ Ծաղկաձորն Ու Երեւանը. Հայրենադարձ Կալին Քասիս
Կալին Քասիսը 11 տարեկան է, ծնած է Սուրիոյ Հալէպ Քաղաքի մէջ, ապա տեղափոխուած Գանատա, իսկ 2016-ին ընտանիքի հետ տեղափոխուած Հայրենիք:
Կալինը ընտանիքի փոքր զաւակն է ունի երկու մեծ քոյր: Ան Երեւանի «Եւրոպական դպրոց»-ի 5-րդ դասարանի աշակերտուհի է, շատ կը սիրէ մարմնամարզութիւնը, իսկ իր ամենաչսիրած դասը ռուսերէնն է:
Կալինը կը յաճախէ Սոֆի Տեւոյեանի անուան պարի դպրոցը՝ մասնակցած է շատ համերգներու: Պարելէն բացի ան նաեւ կը սիրէ երգել եւ դերասանութեամբ զզբաղիլ:
Մեր հայրենադարձ հերոսուհին այլեւս Հայաստանի մէջ ինքզինք օտար չզգար, այդ մէկը սկիզբը զինք շատ կը խանգարէր,- «Հիմա ինքզինքս շատ լաւ կը զգամ Հայաստանի մէջ, կը սիրեմ այստեղի հանգստութիւնը եւ այն, որ բոլորը հայ են եւ կը խօսին հայերէն»:
Կալինը այցելած է Հայաստանի տեսարժան զանազան վայրերը, սակայն «Ամէնէն շատ կը սիրէ Ծաղկաձորն ու Երեւանը»:
Կալինը նաեւ կը հետեւի Քարատէի, մասնակցած է բազում մրցոյթներու, գրանցած շատ յաղթանակներ եւ ունի դեղին գօտի:
Կալինը հայրենիքի մէջ կը պատկերացնէ իր ապագան, իբրեւ դերասանուհի կամ երգչուհի:
ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ի համար զրուցեց՝
Արփի Պետրոսեան