12
Apr

Ապագային Պիտի Ըլլամ Աշխարհի Մարդ՝ ի Նպաստ Հայրենիքիս. Պեթթի

15- ամեայ մեր հայրենակից Պեթթին նպատակասլացութեան ու աշխատասիրութեան լաւագոյն օրինակ է, անոր գործունէութեան ծանօթանալու համար՝ խոստացած էինք պատրաստել ծաւալուն նիւթ մը, որ վստահաբար ուսանելի պիտի ըլլայ շատերուն համար։

Էլիզապէթ Դանիէլեան (Պեթթի) ծնած է 2003թ. Մարտ 7-ին: Չորս տարեկանէն յաճախած է Պարարուեստի պետական ուսումնարան, վեց տարեկանին՝ Հայաստանի ազգային մշակոյթի կեդրոն, հետեւելով նկարչութեան, ասեղնագործութեան, խեցեգործութեան խմբակներուն: Բազմաթիւ մրցոյթներու, փառատօններու դափնեկիր է. 2014-ին մասնակցած է «Մանկական Նոր ալիք»-տ մոսկովեան փուլին եւ անցած կիսաեզրափակիչ փուլ: Յաջողութիւններ արձանագրած է նաեւ «Կենգուրու» միջազգային մաթեմաթիքական մրցոյթին: Հայաստանի հանրային ռատիօընկերութեան կողմէն արժանացած է «Լաւագոյն մանկական հեռուստադէմք» կոչումին, վարած է երկու հաղորդաշար` «Betty Show»-ն` 21TV-ով եւ «Տանը մենակ»–ը` H2 հեռուստաալիքով, չորս տարի վարած է «Հրաշալի եօթնեակ» հաղորդումը, ինչպէս նաեւ «Ինչուներու մոլորակը»՝ Հայաստանի հանրային հեռուստատեսութեամբ՝ այսինքն, ան աշխատած է Հայաստանի բոլոր խոշոր հեռուստաալիքներու հետ: Բազմաթիւ երգերու եւ բանաստեղծութիւններու հեղինակ է, յաճախած է կիթառի եւ ոկալի դասերու։

Պեթթին հանրաճանաչ դարձաւ 11 տարեկանին, երբ հանդէս եկաւ «Արեւի մարդիկ» երգով եւ Հայաստանը ներկայացուց Մալթայի մէջ կայացած «Մանկական եւրոտեսիլ 2014»-ին։ Ընդամէնը 11 տարեկան աղջնակը, այդ փոքր հասակին արդէն իրականացուց իր քանի մը տարիներու մեծ երազանքը եւ պատուով ներկայացուց Հայաստանը՝ գրաւելով երրորդ տեղը։

Յիշողութեանս մէջ թարմ է ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի տպաւորութիւնները Պեթիի մասին. ան աշխատանքային այցով Մալթա մեկնած էր Պեթթիի ելոյթի օրերուն, ելոյթէն ժամեր առաջ տեսած էր Պեթթին, որ բարձր ջերմութեամբ պառկած էր, սակայան այնուամենայնիւ՝ դեղեր ընդունելով՝ իր մէջ ուժ գտած էր մասնակցելու. նպատակասլաց աղջնակին կամքը տկարութիւն չէր ճանչնար։

Պեթթին առաջին անգամ տեսայ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնած «Յայտնիները սուրիահայ երեխաներուն» ծրագիրին ծիրէն ներս կազմակերպուած երեկոյին ժամանակ, ժպտերես ու կենսուրախ Պեթթին ներկայացնելով՝ նոյն Նախարարը պատմեց, թէ ինչպէս Պեթթին յաղթահարեց բարձր ջերմութիւնը եւ մրցոյթին մասնակցեցաւ՝ գրաւելով երկրորդ տեղը։ Պեթթին մանկական անմեղութեամբ ուղղեց նախարարի ըսածը եւ ըսաւ,- ես երրորդ տեղը գրաւեցի։ Նախարարը ժպտաց ու ըսաւ,- «Դուն ինծի համար առաջինն ես»։ Այդ հասակին՝ ակնյայտ էր Պեթթիի արդարամտութիւնը:

2016-ին, Ռուսիոյ Դաշնութեան նախաձեռնութեամբ, միջպետական խմբագրական խորհուրդի նախագահութեան որոշումով եւ ՀՀ մշակոյթի, ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւններու, ինչպէս նաեւ Երեւանի Ալ. Պուշկինի անուան թիւ 8 հիմնական դպրոցի առաջարկով` Պեթթին, շնորհիւ իր արժանիքներուն եւ ձեռքբերումներուն, լրատուամիջոցներու դէմք Պեթթիի անունը ընդգրկուեցաւ «Կրթութեան մէջ լաւագոյնը» միջազգային հանրագիտարանին մէջ: Յատուկ ձեռքբերումներու հասնելու շնորհիւ՝ Պեթթին արժանացաւ «Շնորհալի երեխայ» մետալի անուանական վկայականին, եւ առաջին կարգի միջազգային վկայագիրին:

Նմանատիպ հանրագիտարանի մէջ յայտնուիլը Պեթթիի համար միջազգային կարգի ձեռքբերում էր, իսկ Հայաստանի համար՝ եւս մէկ յաղթանակ:

Աւելի ուշ՝ 13 տարեկանին, Պեթթին հանրութեան ներկայացուց  «New Generation» (պատանիի օր) պատանեկան հեղինակային նախագիծն ու համանուն երգին տեսահոլովակը։ Նախագիծին նպատակն է հանրութեան ու պատասխանատու մարմիններու ուշադրութիւնը հրաւիրել դէպի պատանիները, խթանել սէրը կեանքի, աշխարհի, հայրենիքի, աշխատասիրութեան եւ ընկերասիրութեան հանդէպ՝ ուրախութիւն տարածելով ամէնուր,- ««Հայերը ամենակրթուած, ամենաշնորհալի երեխաներ ունեցող ազգն են: Ես հպարտ եմ, որ հայ եմ եւ ունիմ այսպիսի հասակակիցներ: Ես կ’ուզեմ իմ ընկերներուս օգնութեամբ Յունիս 7-ը յայտարարել Պատանիներու տօն: Կան շատ տօներ, որոնք նուիրուած են երեխաներուն, մեծերուն: Ճիշդ կ’ըլլայ, որ պատանիները նոյնպէս որեւէ տօն ունենան: Յոյս ունիմ, որ բոլորը այս տօնը կ’ընդունին», իր նախագիծին անդրադառնալով ըսած էր Պեթթին։

Կրթութիւնը կարեւոր համարող Պեթթին մօտ մէկ տարի առաջ մեկնեցաւ ԱՄՆ իր հիմնական ուշադրութիւնը սեւեռելով լեզուներ ուսումնասիրելու վրայ։ Անգլերէնն ալ կատարելագործելէն ետք, սկսաւ սորվիլ սպաներէնը, կը յաճախէ նաեւ երաժշտական դպրոց, կատարելագործելու իր երաժշտական վարպետութիւնը։ Ան կը հետեւի նաեւ հարուածային գործիքներու վրայ նուագելու դասերուն եւ պարի։ Պեթթին համոզուած է, որ 21-րդ դարուն, եթէ մարդը կրթութիւն չունենայ, չի կրնար որեւէ բանի հասնիլ։

Պեթթին ԱՄՆ-ի կառավարութենէն ստացաւ  Extraordinary կարգավիճակ, որ հնարաւորութիւն կու տայ անոր օրինական կերպով գործունէութիւն ծաւալելու այնտեղ:

Պեթթին ունի նաեւ իր Blog-ը, որ ամբողջովին անգլերէն է եւ իրեն համար շատ հետաքրքրական, քանի որ անոր միջոցով ան ձեռք կը բերէ նոր փորձ, իբրեւ համակարգող: Այնտեղ Պեթթին կը տեղադրէ նաեւ իր երգերը՝ երգեր, որոնց հեղինակային իրաւունքները կը պատկանին իրեն,- «Էջը ունի ուսուցողական բնոյթ: Քանի որ ան կ’իրականացուի New Generation նախագիծին ծիրէն ներս, իսկ նախագիծն ալ, իր հերթին, նոր սերունդը կը մղէ դէպի դրական երեւոյթներ։ Կ’ուզեմ այնպէս ընել, որ իրենք հասկնան, թէ ինչքան կարեւոր է օտար լեզուներ սորվիլը»,- կ’ըսէ Պեթթին։

Վերջերս Պեթթին առաջարկներ ստացած է ամերիկեան մի քանի ընկերութիւններէ՝ մետիա ոլորտէն ներս աշխատելու համար, ան պայմանագիր կնքած է իր  ընտրած ընկերութեան հետ, որուն հետ շուտով պիտի սկսի նախապատրաստական աշխատանքները, իսկ իր նախագիծի New Generation-ի ծիրեն ներս դարձեալ նոր ծրագրերկը  սպասուին։

Այս բոլորի հետ մէկ տեղ Պեթթին միշտ կը կրկնէ,- «ես դանդաղ կ’աճապարեմ»:

Պեթթին կը խոստանայ իր քայլերով, նախագիծերով եւ յաղթանակներով մէկ անգամ եւս ապացուցել, որ հայը ամենադրական, ամենաաշխատասէր, ամենակրթուած, ամենաբարի, համարձակ, ուրախ, ամենախաղաղասէր, վեհ, հպարտ, յաղթանակած, ամենագեղեցիկ տեսակն է, իսկ ապագային անդրադառնալով՝ կ’ըսէ,- «Ապագային պիտի ըլլամ աշխարհի մարդ, ի նպաստ իմ հայրենիքիս՝ Հայաստանի»:

ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ը հիմք ընդունելով Պեթթիի «Պատանիի օր» նախագիծը, Յունիս 7-ին տօնը պիտի նշէ  իր հրապարակումներով՝ փորձելով զայն տարածել նաեւ Սփիւռքի մէջ։

ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...