18
Apr

Հայը Ուր Ալ Ըլլայ կը Շարունակէ Վառ Գոյներով Լուսաւորել իր Միջավայրը. Հարցազրոյց Նարօտ Տումանեանի հետ

Լիա եւ Պօղոս Տումանեաններու դուստրը՝ Նարօտը, ապրելով եւ ստեղծագործելով հանդերձ

Արտասահմանի մէջ, իսկական հայուհիի վառ օրինակ է:

Յատկանշական է, որ ան 16 տարեկան հասակին՝ կրնայ գոյն հաղորդել եւ յոյս ներշնջել

բազում երեխաներու սեւ-ճերմակ կեանքին:

Հ- Նարօտ, պատմեցէք Ձեր մասին: Ո՞ւր ծնած էք: Ե՞րբ սկսած էք զբաղիլ նկարչութեամբ:

Ի՞նչ յաջողութիւններու հասած էք մինչ օրս:

Պ- Ծնողներս Այնճարէն են, ես ծնած եմ Յորդանան՝ Ամման: Մանկութենէս զբաղած եմ նկարչութեամբ: Տարաբնոյթ նկարչական դասընթացներու հետեւած եմ: Մասնակցած եմ եւ առաջին տեղը զբաղեցուցած եմ դպրոցական մրցոյթներուն, սակայն «Արուեստի սերմեր» նախագիծը կը համարուի իմ առաջին անհատական գործունէութիւնս:

Հ- Կը խնդրէի պատմել այդ նախագիծին մտայղացման եւ իրագործման մասին:

Պ- «Արուեստի սերմեր» նախագիծին մտայղացումը երկամեայ պատմութիւն ունի: 14

տարեկանիս, Յորդանանի Մաան քաղաքին մէջ կազմակերպեցի ապակիի վրայ նկարչութեան դասընթաց, որուն մասնակցեցան շարք մը սահմանափակ կարողութիւններու տէր փոքրիկներ: Դասընթացին շնորհիւ, այսօր փոքրիկները երկրի մէջ տարբեր ցուցահանդէս-վաճառքներու կը մասնակցին եւ ինքնուրոյն եկամուտ կ’ապահովեն:

Այս դասընթացը հիմք հանդիսացաւ ներկայիս «Արուեստի սերմեր» երկհարթակ

նախագիծին: Նախ, իմ նկարչութիւններուս ցուցահանդէս-վաճառքը կազմակերպեցի

Ապրիլ ամսուն, ալ-Հուսէյն մշակութային կեդրոնին մէջ, Յորդանանի Մշակոյթի

նախարարութեան աջակցութեամբ, ապա՝ ցուցահանդէսի հասոյթին միջոցով՝

նկարչութեան դասընթացներ պիտի կազմակերպեմ երկրի այդպիսի քաղաքներու մէջ, ուր

«գոյներու» մասին որեւէ պատկերացում չունին: Ըսեմ, որ ասիկա արդէն իրագործման

Փուլին մէջ է:

Հ- Ձեր ներկայացուցած արուեստին մէջ ակնյայտ է հայկական շունչը…… Արդեօք

այցելա՞ծ էք մայր հայրենիք: Կը փափաքի՞ք Հայաստանի մէջ ցուցահանդէս

կազմակերպել:

Պ- Ցաւօք դեռ չեմ այցելած Հայաստան, սակայն ցանկութիւնս չափազանց մեծ է այնտեղ

ցուցահանդէս կազմակերպելու՝ առաւել եւս ուսանելու: Կ’ուզեմ Արուեստի մէջ խորանալ Հայաստանի մէջ։

Հ- Նարօտ, մեր հայ արուեստասէր պարմանուհիներուն ի՞նչ խորհուրդ կու տաք:

Պ- Շարունակ նկարել եւ երբեք չվհատիլ: Խոչընդոտներ պիտի ըլլան, սակայն կամքի

ուժով կարելի է իւրաքանչիւր դժուարութիւն յաղթահարել:

Հայը ուր ալ ըլլայ կը շարունակէ վառ գոյներով լուսաւորել իր միջավայրը:

Հարցազրոյցը ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ի համար վարեց

Այգ Պետրոսեան (Յորդանան)

 

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...