19
Apr

Հայաստանի Ազատութիւնն ու Մաքուր Օդը Շատ կը Սիրեմ. Հայրենադարձ Ալիս Բալաբանեան

14-ամեայ Ալիս Բալաբանեանը Սուրիոյ Հալէպ քաղաքէն 6 տարի առաջ տեղափոխուած է հայրենիք: Ան Երեւանի Ջոն Կիրակոսեանի անուան դպրոցի 9-րդ դասարանի աշակերտուհի է։

Ալիսը կը սիրէ անգլերէնը, ուսողութիւնն ու քիմիան եւ կ’ուզէ աագային դեղագործ դառնալ: Մեր հայրենադարձ զրուցակիցը ունի աւագ եղբայր, անոնք սկզբնական շրջանին դպրոցի մէջ ունեցած են դժուարութիւններ՝ արեւելահայերէնի եւ մասնաւորապէս ռուսերէնի դասերուն, բայց արդէն յաղթահարած են այդ դժուարութիւնները.« Ես հիմա ունիմ շատ-շատ տեղացի, մտերիմ ընկերուհիներ, որոնց հետ ազատ կը շփուիմ»,- կ’ըսէ Ալիսը:

Դասերէն բացի Ալիսը շատ կը սիրէ դաշնամուր նուագել եւ դերասանութեամբ զբաղիլ, մասնակցած է «Յոյսի կամուրջ» կազմակերպութեան կազմակերպած թատերական ներկայացումներուն, որոնք նուիրուած եղած են առողջական խնդիրներ ունեցող երեխաներուն.«Բոլոր դերերս շատ լաւ կը յիշեմ, բայց ամենաշատը տպաւորուած եմ  «Տարբեր նուագներ» ներկայացման կերպարով»,- գոհունակութեամբ կը պատմէ Ալիսը։

Ան Հայաստանի մէջ շատ շրջագայած է, բազում գեղեցիկ ու պատմական վայրեր տեսած է,- «Տարբեր տեղեր եղած եմ, հիմա բոլոր վայրերու անունները չեմ յիշեր, բայց ես ամենաշատը Գառնին ու Գեղարդը կը սիրեմ, որովհետեւ անոնց պատմական նշանակութիւնը մեծ է, իսկ Երեւանի մէջ շատ կը սիրեմ «Քասքատ»-ը, քանի որ ամբողջ քաղաքը կ’երեւի այնտեղէն»: Ալիսը կը սիրէ Հայաստանը. «Այստեղի ազատութիւնն ու մաքուր օդը ամէնէն շատը կը սիրեմ»,- կ’ըսէ Ալիսը։

Հարցազրոյցը ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ի համար վարեց

Արփի Պետրոսեան

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...