Արցախի Մէջ Ինքզինքս Շատ Հարազատ Զգացի. Հայրենադարձ Նարօ Թադեւոսեան
Իրաքահայ Նարօ Թադեւոսեանը 10 տարի է ի վեր կ’ապրի Հայաստանի մէջ:
13-ամեայ աղջիկը ծննդավայրի մասին գիտէ միայն ծնողներուն պատմածը, այստեղ 5 տարի հայկական դպրոց յաճախած է, յետոյ տեղափոխուած QSI միջազգային դպրոց, այժմ 8-րդ դասարանի աշակերտուհի է.«Քանի որ շատ փոքր տարիքիս Հայաստան եկած եմ, որեւէ դժուարութիւն չեմ զգացած յարմարելու կամ լեզուի հետ կապուած»:
Իր նախասիրութիւններու մասին պատմելով Նարոն կ’ըսէ,- Սիրելի առարկաներս են ուսողութիւնը, քիմիան ու հայոց լեզուն: Ցանկութիւն ունիմ բժշկուհի դառնալ: Նարոն նաեւ երաժշտական դպրոց կը յաճախէ՝ դաշնամուր կը նուագէ, շատ մրցոյթներու եւ համերգներու մասնակցած է։
Մեր զրուցակիցը Հայաստանի մէջ շատ ընկերներ ունի.«Շատ ընկերներ ունիմ եւ դպրոցէն, եւ երաժշտանոցէն, նաեւ օտարերկրացի ընկերներ ունիմ, բայց հայաստանցի ընկերներուս հետ ինքզինքս աւելի հանգիստ կը զգամ»:
Նարոն իր երկու քոյրերու եւ եղբօր հետ այցելած է Հայաստանի շարք մը պատմական ու տեսարժան վայրեր. «կը սիրեմ Ծաղկաձորը, Սեւանը, բայց ամէնէն շատ սիրեցի ու ինքզինքս շատ հարազատ զգացի Արցախի մէջ»:
Մեր հայրենասէր աղջնակի համար ամենահարազատը Հայրենիքն է.«Այցելած եմ տարբեր երկրներ, կը սիրեմ շրջագայիլ, սակայն Հայաստանը ինծի համար հոգեհարազատ է ես կը սիրեմ այստեղ ապրիլ»:
Նիւթը ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ի համար պատրաստեց
Արփի Պետրոսեան