14
May

RJ 1 Ինչպէ՞ս ես. Հայ Մրցարշաւորդ Սերգէյ Արջեւանիձէին Ուղղուած Ճակատագրական Հարցը

Լուսանկարներ՝ ՀայԲերդ Թաթեւոսեանի

GIA, Need for speed, Asphalt այս խաղերու անուանումները ծանօ՞թ են ձեզի:

Պարզեցինք, որ այս խաղերէն մէկուն շնորհիւ` մեր զրուցակից Սերգէյ Արջեւանիձէ կերտած է իր ապագան եւ այժմ կը համարուի Հայաստանի լաւագոյն մեքենաներու մրցարշաւորդներէն եւ տրիֆթըրներէն մէկը:

Սերգէյ Արջեւանիձէ ծնած է Վրաստանի Պաթումի քաղաքին մէջ: Մրցումներուն եւ տրիֆթներուն հանդէպ իր սէրը սկսած է, երբ իր եղբօր հետ կը խաղար Need For Speed խաղը, որ նաեւ իր ընկերներուն սիրած խաղն էր, քանի որ այն ժամանակ Play Station 1-ը շատ մեծ հաճոյք էր, յատկապէս  Play Station 1-ի խաղերը: Յետագային Սերգէյը եւ իր եղբայրը որոշ հնարքներ կը կատարեն իսկական մեքենայով եւ նոյնիսկ չեն գիտակցիր, որ նմանատիպ հնարքները կրնան համարուիլ մարզաձեւ:

Հասուն տարիքին Սերգէյ կատարեց իր առաջին քայլը եւ գնեց առաջին մեքենան LADA VAZ 2107, որ իրեն համար շատ սուղ էր, որովհետեւ այդ նոյն մեքենայով սկիզբ  դրուեցաւ  Drag-ի եւ Drift-ի իր մասնագիտացման: Աւելցնեմ, որ ան մեքենայի հետ կապուած ամէն բան սորված է ինքնուրոյն՝ տեսնելով ուրիշներու աշխատանքը կիրառած է իր տեսածը եւ այդ ոլորտէն ներս ունեցած է նուաճումներ:

Սերգէյի կարծիքով որեւէ մեքենայով հնարաւոր է Drift ընել, բայց ինք կը նախընտրէ  BMW-ն, որովհետեւ առանց որեւէ փոփոխութիւններու BMW-ն կրնայ օգտագործուիլ թէ՛ Drag-ի եւ թէ Drift-ի համար:

Սերգէյ Արջեւանիձէ RJ 1 Motors-ի եւ RJ 1 Performance-ի հիմնադիր տնօրէնն է: Ընկերութեան անուանումը ծագած է հեռաձայնային այն զրոյցէն, որ ունեցած է իր աւստրալաբնակ ընկերոջ հետ, վերջինս ըսած է «RJ 1 ինչպէ՞ս ես»: Զարմացած պատասխանած է. «լաւ, իսկ ինչո՞ւ RJ 1»: Բացատրած է ընկերը, որ Արջեւանիձէի անգլերէն կարճ ձեւը կրնայ ըլլալ այսպէս RJ 1:

Այժմ  RJ 1 Motors-ը կը զբաղի մեքենաներու արտաքին յարդարումով (tuning), իսկ RJ 1 Performance-ը՝  Chiptuning-ով,  որ կապուած է մեքենայի շարժիչի ձիաուժերուն աւելացումով: Հասարակ թուացող այս խաղը ճակատագրական դարձաւ Սերգէյ Արջեւանիձէի ապագայ մասնագիտութեան համար:

ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ի համար զրուցեց եւ նիւթը պատրաստեց՝

ՀայԲերդ Թաթեւոսեան

 

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...