08
Sep

Պելճիքայի Երկնքին Մէջ Փայլող Հայ Աստղը. 13 Ամեայ Վազգէն Ղայինեան

Վերջերս Հայաստան այցելեց՝ Պելճիքայի պատանիներու բռնցքամարտի ախոյեան, 13 տարեկան Վազգէն Ղայինեան, որուն հետ զրուցելու առիթ ունեցաւ  ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ը։

Պրիւքսէլի (Պելճիքա) մէջ ծնած Վազգէնը իր յաջողութիւններով հպարտութեան առիթ ստեղծած է ոչ միայն իր ծնողներուն ու շրջապատին, այլեւ հայ ժողովուրդին։ Ժպտադէմ ու համեստ Վազգէնի մէջ թաքնուած է հզօր ուժ, որ պարտութեան կը մատնէ իր տարիքի բոլոր մրցակիցները։

Վազգէն 2016,2017 եւ 2018 թուականներուն դարձած է պատանիներու բռնցքամարտի ախոյեան, որուն շնորհիւ ստացած է նաեւ Ֆրանսայի մէջ խաղալու արտօնագիր:

Պելճիքայի հանրային հեռատեսիլը գիտակցելով, որ Վազգէնը մեծ յաջողութիւններու պիտի հասնի, այժմ կը նկարահանէ անոր կեանքի մասին Ֆիլմը՝ անոր մասնակցութեամբ։

Վազգէնին միշտ աջակցած, քաջալերած ու խորհուրդներ տուած է անոր Հայրը՝ Կարապետ Ղայինեան. Վազգէն մէկ տարի ֆութպոլով զբաղելէ ետք, հօր խորհուրդով անցած է բռնցքամարտի: Վազգէնի մայրը՝ Լոնելա Ֆորթունան  Ռումինացի ըլլալով հանդերձ հայերէն սորված է եւ զաւակներուն կը յորդորէ հայերէն խօսիլ։ Վազգէնի քոյրը Քրիստինէն նոյնպէս մի քանի տարի քարատէով զբաղած է։

Վազգէնի խօսքերով, ան շատ հպարտ է իր անուն ազգանունով,  երբեք հայ ըլլալը չէ խանգարած զինք խաղալու եւ յառաջանալու, ան ամէն անգամ խաղի կը մասնակցի իր վերնաշապիկին վրայ կրելով եռագոյնը, իսկ խաղի աւարտին եռագոյնը ուսերուն կը դառնայ ախոյեան:

Վազգէն կը ծրագրէ հայերէն գրել կարդալ սորվիլ, իսկ ապագային աշխարհի ախոյեան դառնալու պարագային, խաղալ Հայաստանի դրօշի ներքոյ:

Վազգէն Հայաստան այցելութեան մասին ըսաւ, որ շատ սիրած է Հայաստանը եւ շատ հպարտ է որ հայ է:

Վերջապէս Պելճիքայի երկնքին մէջ փայլող հայկական եռագոնյով աստղը, բոլոր սփիւռքահայերուն հայութեամբ հպարտանալու կոչ կ՛ընէ:

Ցաւալի փաստ է, որ մեր ժողովուրդը աշխարհով մէկ ցիրուցան կ՛ապրի, բայց միւս կողմէն մեր եռագոյնը հզօր տիրակալ կը դառնայ տարբեր երկրներու մէջ՝ նուաճելով նոր ասպարէզներ ու տանելով բազում յաղթանակներ:

ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ի համար զրուցեց Սօսի Աւագեան

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...