21
Jul

Ծանօթացէք Մանէն է, ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ի Նոր Աշխատակիցը

Նպատակասլաց, բանիմաց, բազմատաղանդ ու աշխատասէր 18 տարեկան Մանէ Խաչատրեանը Արարատի մարզի Այնթապ համայնքէն է։ Ան այս տարի գերազանցութեամբ աւարտեց տեղի դպրոցը եւ ընդունուեցաւ Երեւանի պետական  համալսարանի Իրաւագիտութեան բաժին, ընդունելութեան քննութեան Հայոց պատմութիւնը դիմեց անթերի՝ արժանանալով 20-էն 20 գնահատականին։ Բարերաներու աջակցութեամբ Մանէն ուսումը պիտի շարունակէ անվճար եւ դառնայ ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ի աշխատակից՝ Սփիւռքի աշակերտներուն համար պատրաստելով հայոց պատմութեան մատչելի դասեր, որոնցմէ առաջինը կը ներկայացնենք շատ շուտով։

Ահա թէ ի՞նչ կը պատմէ Մանէն իր անցած ճանապարհին մասին։

«Ճանապարհս սկսաւ  2014    թուականին (այն Ժամանակ Մանէն 12 տարեկան էր, ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ)։ Այդ տարիներուն հետաքրքրուած էի արմատներովս։ Մեծ Եղեռնի 100-րդ տարելիցին ընդառաջ՝ Հայաստանի գրողներու միութիւնը յայտարարեց մրցոյթ։ Մրցոյթին իւրաքանչիւր աշակերտ պէտք է ներկայացներ 1915-ին մազապուրծ փրկուած իր նախնիներու պատմութիւնը։ Ես ու տատիկս սկսանք հազարաւոր կեանքերու առեղծուածը խտացնել մեր մեծերու պատմութեան մէջ։ Ու ծնունդ առաւ «ԵՐԱԶ» երկս։ Երազը հաւանութեան արժանացաւ Հայաստանի մէջ, ուղարկուեցաւ Գերմանիա՝ ընդգրկուելով լաւագոյն գործերու շարքին, տպագրուեցաւ ու 2015 թուականին տեղի ունեցաւ անոր շնորհանդէսը։ Սա իմ կեանքիս ամենաբեկումնային իրադարձութիւնն է։

Անկէ ետք, ես սկսած եմ մասնակցիլ առարկայական տարբեր մրցոյթներու։ Ունիմ առաջին եւ երկրորդ կարգի վկայականներ՝ Հայ գրականութիւն, Հայոց լեզու, Հայոց պատմութիւն, Ֆրանսերէն առարկաներէն։

Աւարտական տարիներուն զբաղած եմ հասարակական գործունէութեամբ։ Մասնակցած եմ Մանկական զարգացման հիմնադրամի կազմակերպած մրցոյթներուն՝ ուղղուած համայնքի

զարգացման եւ զբաղեցուցած եմ երկրորդ հորիզոնականը։

2017-2018 թուականներուն մասնակցած եմ «Երիտասարդութիւնը  ներգրաւուած հասարակութեան մէջ» ծրագրի ծիրէն ներս բանավէճի հանրապետական մրցաշարին։

Երեք տարեկանէս զբաղած եմ պարարուեստով, 2017 թուականին աւարտած եմ «Տարօն Գեղագիտական Կենտրոն»-ի դասերը եւ ստացած Ժողովրդական պարուհիի եւ պարուսոյցի որակաւորում։

Արուեստի բնագաւառէն ներս՝ մասնակցած եմ ասմունքի եւ ընթերցանութեան հանրապետական փառատօններու եւ արժանացած առաջին եւ երկրորդ կարգի վկայականներու։

2019-թուականի Մայիս եւ Յունիս ամիսներուն, Ռուսիոյ մէջ, մասնակցած եմ ճամպարի՝ ելեկտրականութեան խնայողութեան համառուսաստանեան փառատօնին։

2016-2020 թուականներուն եղած եմ «Երկիր Մեդիա»  հեռուստաընկերութեան աշխատակից, իբրեւ լրագրող եւ հաղորդավար՝ վարած եմ «Մանկական երկիր» հաղորդումը։

Մանէի երազանքն է մասնագիտական կրթութիւնը շարունակել Ֆրանսիայի  Սորպոնի համալսարանի մէջ, ըլլալ ՄԱԿ-Ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի աշխատակից, հիմնել հիմնադրամ, որ կը հոգայ աշխարհի մէջ հիմա շատ տարածուած արեան քաղցկեղով տառապող հիւանդներու բուժման ծախսերը։

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...