31
Mar
Գամիշլիի Մանկապարտէզի Աշակերտները Նշեցին Ս. Զատիկը
Մարտ 28- ին Գամիշլիի Ազգային Եփրատ Մանկապարտէզի մանուկները հաճելի եւ զուարճալի մթնոլորտով նշեցին Սուրբ Յարութեան տօնը, այդ առիթով կազմակերպուած խրախճանքին ներկայ էր Ճէզիրէի Առաջնորդական փոխանորդ Հոգշ. Տէր Ռուբէն Վարդապետ Նալպանտեանը։
Մանուկները մեծ ուրախութեամբ երգով ու պարով դիմաւորեցին ճերմակ նապաստակը, տեղի ունեցաւ հաւկթախաղ եւ հիւրասիրութիւն նաեւ մանուկներուն բաշխուեցաւ ուսուցչական կազմի կողմէն պատրաստուած գունազարդ կողովներ։