09
Apr

Քուէյթի Մէջ Բացուեցաւ «Բարեկամութեան Գոյները» Մանկապատանեկան Ցուցահանդէսը (լուսանկարներ)

Շաբաթ, 7 Ապրիլ 2018ին, կէսօրուան ժամը 12:00ին, Քուէյթի «Ալ Պապթին» մշակութային կեդրոնէն ներս, տեղի ունեցաւ (COLORS OF FRIENDSHIP)` «Բարեկամութէան Գոյները» խորագրը կրող ցուցահանդէսը։
Քուէյթի մէջ ՀՀ Դեսպանատան հովանաւորութիւնը վայելող այս ձեռնարկը, նուիրուած էր Հայաստանի Հանրապետութէան Ա. Անկախութէան 100-ամեակին, եւ արգասիքն էր՝ ՀՀ Դեսպանատան, Քուէյթի Ազգային Վարժարանին եւ «Ալ Պապթին» գրադարանի համագործակցութեան։

Ներկաները շրջեցան ցուցասրահէն ներս եւ հիացմունքով դիտեցին գծագրական ստեղծագործութիւնները, որոնք կը մարմնաւորէին Հայկական եւ քուէյթեան բնաշխարհները, հայկական եւ քուէյթէան արժէքները, բարքերն ու սովորութիւնները, ինչպէս նաեւ Հայ-Քուէյթական երկարամեայ սիրալիր բարեկամութիւնը, որու արմատները կու գան 1940-ական թուականներէն։
Համազգայինի Քուէյթի Մեկուսի Կազմի «Շաքէ» պարախումբի աղջիկները ներկայացուցին հայկական պարարուեստէն պատառիկներ։

 

 

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...