12
Apr

Վիրահայոց Թեմի «Հայարտուն» Կեդրոնին Մէջ Սկսած է Ճատրակի Յոբելինական Մրցաշարը

 

Վիրահայոց թեմի երիտասարդութեան հարցերու բաժինին նախաձեռնութեամբ, թեմի առաջնորդարանին աջակցութեամբ եւ Թեմակալ առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեանի օրհնութեամբ, Վրաստանի  հայաբնակ տարածաշրջաններուն մէջ կ՝իրականացուի ճատրակի մրցաշար մինչեւ 17 տարեկան տարիքի շախմատասէրներու մէջ։ Մրցաշարը կը նուիրուի Վրաստանի եւ Հայաստանի առաջին հանրապետութիւններու 100-ամեայ յոբելեաններուն: Այս մասին կը հաղորդէ Akhaltskha.net-ը։

Ապրիլ 1-ին, Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի Գալուստ Կիւլպէնկեան սրահին մէջ սկսաւ մրցոյթին առաջին փուլը, որ կը կայանայ Վրաստանի հայաբնակ բոլոր վայրերուն մէջ՝ Ախալքալաքի, Նինոծմինդայի, Ախալցիխէի շրջաններուն եւ  յարակից գիւղերուն մէջ, Պաթումի եւ Ռուսթաւ: Իւրաքանչիւր շրջանէն պիտի ըլլայ մէկ յաղթող, որ այնուհետեւ, Թիֆլիսի մէջ պիտի մասնակցի մրցաշարի  եզրափակիչ փուլին:

Թիֆլիսի մէվ կայացած մրցաշարի առաջին փուլին կը մասնակցէին 14 շախմատասէր եւ տարբեր մրցոյթներու եւ մրցաշարերու մասնակցող դպրոցականներ: Մրցոյթին յաղթող դարձաւ մայրաքաղաքի երիտասարդութեան պալատի ճատրակի խումբի աշակերտ, թիւ 20 հանրային դպրոցի աշակերտ  Տենիէլ Սաֆարովը:

Հայաբնակ տարածաշրջաններուն մէջ  մրցաշարի առաջին փուլի  յաղթողները պիտի մասնակցին եզրափակիչ փուլին, որ տեղի պիտի ունենայ Թիֆլիսի մէջ, Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնէն ներս:

Մրցաշարի յաղթող առաջին երեք տեղերուն համար նախատեսուած են մրցանակներ եւ դրամական պարգեւներ:

 

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...