13
Apr

Շամլեան Ազգ. Վարժարանը Պատուաբեր Արդիւնքներ Կ՛ապահովէ Լոս Անճելըս Գաւառի Գիտական Մրցանքին

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Վահան եւ Անոյշ Շամելան Ազգային վարժարանին մէջ տեղի ունեցած գիտական մրցանքէն ետք, դատակազմին որոշումով՝ 13 աշակերտներ իրաւունք ստացան վարժարանը ներկայացնելու Լոս Անճելըս գաւառի գիտական մրցանքին, կը հաղորդէ “Ասպարէզ”-ը։

Միջնակարգ վարժարաններէ 518 աշակերտներ իրենց մասնակցութիւնը բերած էին այս հեղինակաւոր մրցանքին, իսկ Շամլեան Ազգ. վարժարանի 13 աշակերտներէն հինգը կրցած են մրցանակներով վերադառնալ, մինչ երկու այլ աշակերտներ պատուոյ յիշատակութեանց արժանացած են։

Այսպէս, Էրիք Մարգարեան եւ Ճէյք Գրիգորեան առաջին հանդիսացած են, իրենց ներկայացուցած ուսումնասիրութիւններուն համար, իսկ Ալէք Մնացականեան, Նարեկ Սիմիթեան եւ Մայքըլ Պաղտասարեան՝ երկրորդ, իրենց բաժանմունքներուն մէջ։ Պատուոյ յիշատակութեան արժանացած են Էնտրու Յակոբեանն ու Տերիք Թոմասեանը։

Վարժարանի տնօրէն դոկտ. Թալին Քարկոտորեան ողջունած է այս պատուաբեր արդիւնքները՝ շնորհակալութիւն յայտնելով յատկապէս գիտական մրցանքը համադրող գիտութեան ուսուցչուհի Լիտա Գէորգեանին։

Մրցանակակիր աշակերտները այժմ պիտի մասնակցին Քալիֆորնիոյ նահանգային գիտական մրցանքին։

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...