18
Apr
Երեւանի «Այբ» Դպրոցի Աշակերտները ԱՄՆ-ի մրցոյթին Գրաւեցին 3-րդ Տեղը
Երեւանի «Այբ» դպրոցի ճարտարագիտութեան ակումբը ԱՄՆ-ի մէջ կայացած «Ռոպոթիկայի ազգային մարտահրաւէր 2018»-ի մրցոյթին գրաւած է պատուաւոր 3-րդ հորիզոնականը։
Մասնակցող խումբը արժանացած է նաեւ մրցոյթի գլխաւոր հովանաւոր «Հոնտա» ընկերութեան նորարարութեան համար տրուող երկու յատուկ մրցանակներուն։
«Ռոպոթիկայի ազգային մարտահրաւէր» մրցոյթը կը համարուի ռոպոթաշինութեան ամենաճանչցուած եւ երկարամեայ պատմութիւն ունեցող մրցոյթը Ամերիկայի մէջ։