26
Apr

Ստեփանակերտի Մէջ Կայացած է «Ստեղծագործող Երիտասարդներ» Մրցոյթի Հանրապետական Փուլը

 

ԱՀ կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, այսօր, Ստեփանակերտի Անտրէյ Սախարովի անուան N8 աւագ դպրոցին մէջ, կայացած է «Ստեղծագործող երիտասարդներ» մրցոյթի հանրապետական փուլը` նուիրուած Արցախեան շարժման 30-ամեակին եւ մայիսեան եռատօնին:

Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան նախադպրոցական բաժինի վարիչ Աննա Այվազեան ըսած է, որ Արցախի մէջ նշեալ մրցոյթը կը կազմակերպուի առաջին անգամ:
Անոր խօսքով` Ստեփանակերտէն եւ ԱՀ շրջաններէն մրցոյթին կը մասնակցի 11-14 եւ 15-17 տարեկան տարիքային խումբի 36 դպրոցական:

Ըստ անոր` մրցոյթին մասնակիցները պէտք է գրեն չափածոյ կամ արձակ ստեղծագործութիւններ. ըստ ցանկութեան` անոնք կրնան ստեղծագործել նաեւ բարբառով:

Ա. Այվազեան նաեւ ըսած է, որ մրցոյթին նպատակը շնորհալի եւ ստեղծագործող փոքրիկներու բացայայտումն է, անոնց ստեղծագործական ունակութիւններու զարգացումն ու ինքնադրսեւորումը: Մրցոյթին համար փոքրիկներուն կը տրամադրուի 90 վայրկեան ժամանակ:

Նշենք, որ մրցանակային տեղեր գրաւածները պիտի արժանանան վկայագիրներու եւ նուէրներու:

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...