Արցախցի Մարզիկները Մետալներու Արժանացած են
Ապրիլ 20-21, Հայաստանի Հանրապետութեան Լոռի մարզի Վանաձոր քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է Վանաձորի ճիւտոյի ակադեմիայի բաժակի խաղարկութիւն` նուիրուած ապրիլեան պատերազմի զոհերու յիշատակին:
Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ Արցախի ճիւտոյի դաշնութեան գլխաւոր մարզիչ Իվան Ազիզբեկեան ըսած է, որ առաջնութեան մասնակցած են Արցախէն, Հայաստանէն, Վրաստանէն եւ Կիպրոսէն, աւելի քան 150 մարզիկ:
Մրցաշարին, 30 քկ քաշային կարգի մէջ առաջին տեղ գրաւած է Աշոտ Պարսիյեանցը, 60 քկ քաշային կարգի մէջ երկրորդ տեղ՝ Դերիկ Թահմազեանը, իսկ 30 եւ 34 քկ քաշային կարգերու մէջ ալ Էտուին Թովմասեանն ու Յարութ Ամիրեանը գրաւած են երրորդ տեղեր:
Յաղթողները պարգեւատրուած են ոսկի, արծաթ եւ պրոնզ մետալներով, պատուոգիրերով եւ արժանացած բաժակի:
Ի. Ազիզբեկեանը տեղեկացուցած է նաեւ, որ յաղթողները պիտի մասնակցին Մայիս 4-5 Երեւանի մէջ կայանալիք ճիւտոյի միջազգային առաջնութեան. անիկա պիտի նուիրուի Շուշիի ազատագրման 26-րդ տարեդարձին: