19
Apr
«Ժառանգութիւն Սերունդներուն» Թեմայով Ցերեկոյթ Աշտարակի Մէջ (լուսանկարներ)
Ապրիլ 18-ին, Աշտարակի համայնքապետարանը եւ Պերճ Պռօշեանի տուն-թանգարանը կազմակերպած էին ցերեկոյթ՝ նուիրուած Հայաստանի վաստակաւոր նկարիչներ Գէորգ Ոսկանեանի 95 եւ Վահան Խորէնեանի 90-ամեայ յոբելեաններուն: Այս մասին կը հաղորդէ Աշտարակի քաղաքապետարանը։
Ձեռնարկին ժամանակ ցուցադրուեցան յոբելեարներու աշխատանքներէն, բանաստեղծ, նկարիչ Արեւշատ Աւագեանը ներկաներուն հետ կիսուեցաւ իր յուշերով, հնչեցին երաժշտական կատարումներ Աշտարակի Արտեմի Այվազեանի անուան երաժշտական դպրոցի սաներուն կողմէ, իսկ Գէորգ Ոսկանեանի անուան գեղարուեստի դպրոցի սաները ներկայացուցին իրենց «Աշտարակը նկարիչներու աչքերով» խորագիրով ստեղծագործութիւնները:
Ցերեկոյթին աւարտին, գեղարուեստի դպրոցի սաներուն աշխատանքները արժանացան խրախուսական մրցանակներու: