07
May
Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Աշակերտները Նշեցին Սարդարապատի Յաղթանակի Օրը
Մայիս 4-ին, Լիբանանի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տարրական բաժնի աշակերտները, Հայ Մշակոյթի օրուան առիըով նշեցին Սարդարապատի յաղթանակի տօնը: Անոնք լսեցին դասախօսութիւն մը, երգեցին, պարեցին ու արտասանեցին: Օրուան աւարտին տեղի ունեցաւ պարի ուսուցում` հայրենի պարուսոյցներ Ժագլին եւ Կարէն Մակինեաններու կողմէն: