15
May
Համբարձման Տօնը Ֆրանսայի «Նուռ» Վարժարանին ՄԷջ
Ֆրանսայի «Նուռ» հայկական վարժարանի Ալֆորվիլի մասնաճիւղն իր սաներուն հետ Սուրբ Յարութեան տօնէն 40 օր անց տօնած է Համբարձման տօնը:
Ըստ «Հայերն այսօր»-ի՝ տօնին ընդառաջ կազմակերպուած է նախատօնական պատրաստութիւն` Արուսեակ տիկնիկի պատրաստութիւն, եօթ աղբիւրէ ջուր հաւաքել, ինչպէս նաեւ եօթ տեսակի ծաղիկներու փունջ պատրաստել:
Հայոց լեզուի ուսուցչուհի Սոնա Սուրեկէն աշակերտներուն ներկայացուցած է տօնին խորհուրդը, որմէ յետոյ վարժարանի սաները աւանդոյթի համաձայն տօնած են Համբարձման տօնը` երգած են օրուայ խորհուրդին համահունչ խաղիկներ, կազմակերպած վիճակախաղ, որմէ յետոյ ազգագրական պարով աւարտած են տօնական ձեռնարկը: