17
May
Մեսրոպեանը` Լիբանանի Ճատրակի Ախոյեան
Ճատրակի համալիբանանեան մրցումներուն միշտ փայլուն արդիւնքներ արձանագրած Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտները անցած շաբաթավերջին կատարեցին աննախընթաց իրագործում մը` շահելով այս տարեշրջանի Լիբանանի դպրոցական ախոյեանութեան խմբային առաջնութիւնը:
Մեսրոպեանը հանդիսացաւ Լիբանանի դպրոցական ճատրակի ախոյեան, իր ետին ձգելով լիբանանեան 56 դպրոցներ: Վարժարանի հաւաքականը կը բաղկանար 8 աշակերտներէ` Ճիօ եւ Կի Գալուստ, Նանոր եւ Նայիրի Առնէլեան, Կարօ Գալֆայեան, Արեգ Ճենանեան, Շարպէլ Ստեփան եւ Մարք Կիւլկիւլեան: Տարիքային համապատասխան խումբերու մէջ` Ճիօ եւ Նանnր հանդիսացան առաջին, Կարօ` երկրորդ եւ Կի` երրորդ: Մրցումին մասնակցեցան 257 աշակերտներ` լիբանանեան տարբեր շրջաններու դպրոցներէն: