01
Jun

Կոմիտասի Թանգարան-ուսումնարանին Մէջ Մէկ Օրով Փոքրիկները Իրականացուցած են Զբօսապտոյտի Ղեկավարումը

 

Կոմիտասի թանգարան-ուսումնարանին մէջ իւրայատուկ օր էր. շրջայցը վարեցին ո՛չ թէ թանգարանի աշխատակիցները, այլ՝ փոքրիկները: Յունիս 1-ի` Փոքրիկներու պաշտպանութեան միջազգային օրուան առիթով՝ մշակութային կառոյցը շրջայց վարելու հնարաւորութիւն ընձեռած էր խումբ մը փոքրիկներու:

8-ամեայ Անի Անանեանը նշեց, որ առաջին անգամ ըլլալով կը վարէ թանգարան-ուսումնարանի մը շրջայցը: «Կոմիտասի թանգարան շատ եկած եմ, անգամ դասարանցիներուս ու ընկերներուս հետ: Երբ առաջին անգամ եկայ Կոմիտասի թանգարան, սկսայ ուսումնասիրել սրահները, կ՝ուզէի ձեռնել նկարներուն, բայց գիտէի, որ չեմ կրնար թանգարանային նմուշները ձեռնել»,- նշեց Անին:

10-ամեայ Աւետիս Էսկենեանն ալ, շրջայցին ընթացքին պատմեց Կոմիտասի մասին, թէ ինչպէս ան, քաղաքէ քաղաք, գիւղէ գիւղ շրջելով, հաւաքած է տարբեր երգեր, մաքրած է օտար ելեւէջներէն ու փոխանցած է ժողովուրդին:

«Արդէն երկար ժամանակ է` կը մտածէինք, թէ ինչպէս փոքրիկներուն եւս տօն մը պարգեւենք, ինչպէս ընենք, որ փոքրիկներուն թանգարան այցելութիւնը յետագային դառնայ անոնց կենսակերպը: Մենք փորձեցինք իրականացնել այս քայլը` թանգարանը վստահելով փոքրիկներուն: Այսօր ամէն երեխայ կը ներկայացնէ մէկ սրահ, սորված է Կոմիտասի բանաստեղծութիւնները, կենսագրութիւնը»,- նշեց Կոմիասի թանգարան-ուսումնարանի փոխտնօրէն Մարինա Գէորգեան:

Շրջայցի աւարտին փոքրիկ-զբօսավարները անակնկալ կատարումներով հանդէս եկան այցելուներուն համար: Հենրիկ Իգիթեանի անուան գեղագիտութեան ազգային կեդրոնի օգնութեամբ՝ ձեռնարկի աւարտին՝ փոքրիկները իրենց տպաւորութիւնները արտայայտեցին պատկերներով՝ նկարելով թանգարանի բակին մէջ:

Յունիս 1-ի առիթով՝ Կոմիտասի թանգարան-ուսումնարանին մէջ պիտի իրականացուի նաեւ «Մանկական երգեր» կրթական ծրագիրը: Կրթական ծրագիրը պիտի վարէ Աննա Մուղալեանը: Յատուկ փոքրիկներուն համար պիտի իրականացուի նաեւ համերգ` «Շողակաթ» մանկական երգչախումբին մասնակցութեամբ (գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար` Կարինէ Եզեկեան):

Armenpress.am

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...